Այս կոչը, կամ դիմումը, բացատրութեան, հիմնաւորման կարիք չունի, գիտենք: Նախ՝ միասնականութիւնը ինքնին մեր ազգին համար միշտ ալ եղած է քաշողական կարգախօս մը: Ապա, այս պարագային, այն առանցքը, որուն շուրջ միասին պիտի ըլլանք, մեր ժողովուրդին մեծագոյն վիշտն է՝ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու պարտքը:
Այս տարի, մեր գաղութին մէջ գործող հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած միացեալ մարմինի հիմնական առաջադրանքը Ապրիլ 24ի ամէնամեայ երեք գլխաւոր ձեռնարկներու համահաւասար յաջողութիւն ու մեծաթիւ մասնակցութիւն ապահովելն է:
Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով Լոս Անճելըս շրջանին մէջ կազմակերպուած օրուան երեք ձեռնարկներուն ժամանակացոյցը մշակուած է համաձայնաբար, այնպէս մը, որ ոչ մէկ հաւաք խանգարէ միւսը, այլ, ընդհակառակը, փոխադրական միջոցներու ապահովումով՝ մէկ ձեռնարկի մասնակիցներուն միւսին հասնելու աջակցութիւն կը տրամադրուի:
Նպատակը մէկ է. Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակի ոգեկոչական երեք ձեռնարկները՝ Փոքրիկ Հայաստանի հանրահաւաքը, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանի առջեւ քաղաքական հաւաքն ու հոգեհանգստեան պաշտօնը, եւ վերջապէս թրքական հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունենալիք ցոյցը իրականանան մեծաթիւ մասնակիցներով, այնքան, որ մեր շրջապատի մարդիկ, տեղական մամուլն ու ընդհանրապէս մեր համայնքին վրայ իրենց աչքերը յարած քաղաքական անձնաւորութիւններն ու գործիչները՝ բարեկամ, թէ թշնամի, անդրադառնան օրուան կարեւորութեան:
Մեր այս տարուան ոգեկոչական ձեռնարկներու մասնակցութեան պատկերը պէտք է պատգամ մը փոխանցէ մանաւանդ թրքական իշխանութիւններուն, որոնք պիտի հասկնան մէկ անգամ ընդմիշտ, որ տարիներու գլորումով իրենք չեն կրնար ազատուիլ պատասխանատուութենէ, որ Ցեղասպանութեան ոճիրը անժամանցելի է ու մենք ազգովին վճռական ենք մեր պահանջատիրական պայքարին առաւել թափ տալ՝ տարուէ տարի աւելի հզօրացած, աւելի կատարելագործուած միջոցներով:
Ոգեկոչական ձեռնարկներու մեր մասնակցութեան պատկերը նաեւ պատգամ մը պէտք է փոխանցէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք պէտք է անդրադառնան, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները որքա՛ն ընդվզում յառաջացուցած են մեր մէջ եւ որքա՛ն սաստկութեամբ մենք կը մերժենք զանոնք՝ պահանջելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան չեղեալ յայտարարէ Հայաստանի ստորագրութիւնը անոնց ներքեւ:
Ոգեկոչական ձեռնարկներու բազմամարդ մասնակցութիւնը նաեւ պիտի իր իւրայատուկ պատգամը փոխանցէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ իր խոստմնադրուժ վարքագիծով ինք կը կորսնցնէ հայկական նկատառելի նեցուկը՝ իր քաղաքական ասպարէզին:
Ուրեմն, երթանք, մասնակցինք ու մեզի հետ միասին մեր շրջապատը շարժենք դէպի Փոքրիկ Հայաստան, դէպի Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձան, դէպի թրքական հիւպատոսարան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.