ՊՈԼԻՍ.- Թրքական մամուլը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Ապրիլ 17ին տեղի ունեցած Թուրքիոյ լրագրողներու եւ գրողներու հիմնադրամին Համակեցութեան մրցանակներու տուչութեան ընթացքին, ընկերային նախաձեռնութեանց բաժնին մէջ մրցանակ շահեցաւ Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքել Տինքը:
Գրականութեան մրցանակը շահեցաւ Էլիֆ Շաֆաք, իսկ մամլոյ մրցանակը՝ «Թարաֆ» թերթը:
Արարողութեան ներկայ էին խորհրդարանի նախագահ Մեհմետ Ալի Շահինը, ինչպէս նաեւ նախարարներ եւ երեսփոխաններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.