ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին անդրադարձած էինք Կուանթանամոյի բանտին մէջ կասկածելի պայմաններու տակ մահացած երեք բանտարկեալներու հարցին, ինչպէս նաեւ 1970ական թուականներուն, Չիլիի մենատէր Փինոշէի մէկ այլախոհին սպանութեան առաջնորդած Ուաշինկթընի քայլին բացայայտման նկատմամբ՝ ամերիկեան մամուլին ցուցաբերած անտարբերութեան: Այս երկու սիւնակներուն նիւթերը հետաքրքրականօրէն խաչաձեւուեցան, երբ «Հարփըրզ» թերթը այս անգամ հաղորդեց, թէ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը անակնկալօրէն որոշած է կասեցնել արտադրութիւնը այն յայտագիրին, որուն նպատակն էր հետապնդել երեք արաբ բանտարկեալներուն մահուան պարագան:
Կայանին մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ արդէն իսկ հարցազրոյցներ կատարուած էին Կուանթանամոյի ամերիկեան բանտի այն բանտապահներուն հետ, որոնք կը կարծեն, թէ բանտարկեալները սպաննուած են եւ ոչ թէ՝ անձնասպանութեան դիմած: Կայանը նաեւ այլ նկարահանումներ կատարած էր յայտագիրին համար, սակայն, առանց բացատրութիւն տալու, որոշուած է արտադրութիւնը կասեցնել:
Նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայ եւ նախկին վարչակազմերը մերժած են այս հարցը լրջօրէն հետապնդել, կասկածները բնականաբար կ՛առաջնորդեն այն եզրակացութեան, որ «Էյ.Պի.Սի.»ի արտադրութիւնը կասեցուած է պետական ճնշումներու հետեւանքով եւ շատ հաւանաբար՝ «ազգային ապահովութիւն»ը երաշխաւորելու յաճախ գործածուած եւ շահագործուած պատրուակով:
Ամբողջ աշխարհին մամլոյ ազատութիւնը յարգելու կոչ ընող երկրի մը մէջ նման քայլեր միայն կրնան քաջալերանք մը ըլլալ նոյն այդ ազատութիւնը ոտնակոխողներուն: Ոչինչ կ՛արդարացնէ ժողովուրդը լուսաբանելու նպատակով տարուող հետապնդումներուն կասեցումը:
Ժողովրդավարական տարրական այս իրաւունքին դէմ իր այս քայլերով, Ուաշինկթըն կը գտնուի մենատէրներու հետ համեմատուելու վտանգին տակ, որովհետեւ, իսկապէս, որքա՞ն մեծ տարբերութիւն կայ մէկ միլիոն մարդ սպաննած ջարդարարին ու «միայն» հազար հոգի սպաննած ոճրագործին միջեւ: