ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երկուշաբթի, Ապրիլ 19ին Ատրպէյճան ժամանած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն, Ուաշինկթընի մէջ անցեալ շաբաթ իր եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ունեցած շարք մը հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները փոխանցելու համար Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն: Պաքու մանրամասնութիւններ կը սպասէ յատկապէս Հայաստանի հետ յարաբերութեանց եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց մասին:
Նախարարին կ՛ընկերանայ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն:
Տաւութօղլու Պաքուէն Իրան պիտի անցնի:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Երկուշաբթի կը գրէ, որ Ուաշինկթընի մէջ հիւլէական ապահովութեան ժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Կովկասի մէջ, Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ սկսած է ճատրակի խաղ մը։ «Երբ Ահմետ Տաւութօղլուն յայտարարեց Ատրպէյճան կատարելիք այցելութեան մասին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուա մեկնելու որոշում կայացուց», կը գրէ թրքական օրաթերթը, պնդելով, որ նախագահ Սարգսեանի Մոսկուա մեկնելու որոշումը ուղղակիօրէն կապուած է Տաւութօղլուի Ատրպէյճան այցելութեան հետ։
«Տաւութօղլուի այցելութեան հիմնական նպատակն է վերացնել Պաքուի վարչակազմին մօտ ստեղծուած այն տպաւորութիւնները, թէ՝ Ատրպէյճանի կրնակին ետեւէն որոշ խաղեր կը խաղան», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»՝ աւելցնելով, որ Տաւութօղլուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին պիտի վստահեցնէ, որ Անգարան Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցին գծով իր նախկին դիրքորոշումը չէ փոխած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.