Ա.- ՀՕՄԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
Հայկական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ կայ նաեւ «Հայ Օգնութեան Միութիւն՝ (ՀՕՄ)», անունով կազմակերպութիւն մը, որուն անդամներուն 99 առ հարիւրը հայ կիներ են:
Հայ Օգնութեան Միութեան անդամուհիները աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ, 100 տարիներու ընթացքին ի՜նչ գործեր կատարեցին, կարելի չէ պարփակել քանի մը յօդուածներու մէջ: Սակայն, այս օրերուն, «ՀՕՄ»ը հայ կանացի մեծ կազմակերպութիւն մըն է, ըսել չի բաւեր: Ներկայ նոր սերունդը թուանշաններ, վիճակագրական տուեալներ եւ շօշափելի ու տեսանելի փաստեր կ՛ուզէ:
Ուրեմն, այս յօդուածաշարքը, անկարելին կարելի ընելով, կը փորձէ շատ ամփոփ տեղեկագիր մը տալ ՀՕՄի 100ամեայ գործունէութեան մասին, որպէսզի հայուհիներու սրտին մէջ բարի նախանձ մը արթննայ եւ իրենք ալ իրենց կարգին գան միանալու 26 երկիրներու մէջ գործող 15,000 ՀՕՄուհիներու բանակին եւ իրենց բաժինը բերելու հայ ազգի գոյատեւման եւ վերելքին:
1890ին, երբ հիմը կը դրուի Հայ Յեղեափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ), առաջին ամիսներէն իսկ պէտքը կը զգացուի «Հայ Կարմիր Խա»չերու խմբակներու: ՀՅԴի հիմնադիրներէն Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան) կը գրէ «Դրօշակ»ի մէջ, «Ամենամեծ պետութիւններն անգամ, իրենց միլիարդներով հանդերձ, անկարող են հանդիսանում հիւանդ զինուորների, վիրաւորեալների հոգատարութեան ծախքերը ամբողջովին իրենց վրայ առնել: Նրանք դիմում են ժողովրդի աջակցութեան: Կարմիր Խաչի հաստատութիւններ ամէն երկիր ունի: Դրամ, զգեստ, ճերմակեղէն բաշխել բանտարկեալներին, աքսորեալներին, նախնական օգնութիւն հասցնել կռուից դարձածներին, աքսորեալներին, նախնական օգնութիւն հասցնել կռուից դարձածներին, գործ գտնել այնպիսիների համար, որոնք ընդունակ են աշխատելու, հայթայթել կռուի գնացողներին վէրք կապելու համար անհրաժեշտ իրեր եւայլն,- ահա այն լայն ասպարէզը, որ ունի իր առաջ հայկական «Կարմիր Խա»չը»: («Դրօշակ», Յունուար 1901):
Հոս պէտք է յայտնենք, թէ ՀՕՄի հիմնումէն՝ 1910էն շատ առաջ, կային հայ կանանց անջատ-անջատ խումբեր Կովկասի, Ատրպատականի, Վասպուրականի, Տրապիզոնի, Էրզրումի, Խարբերդի, Տիգրանակերտի եւ այլ շրջաններու մէջ, որոնք Կարմիր Խաչի գործեր կը կատարէին, Հայդուկային կռիւներուն մէջ վիրաւորուածները խնամելով, գիւղերու մէջ թալանուած հայ ընտանիքներուն սնունդ, հագուստ եւ դեղեր հասցնելով եւ փախստականները պատսպարելով, եւայլն: Իսկ Կովկասի մէջ, 1890-92 տարիներուն, ցարական կառավարութեան ռուսացման քաղաքականութեան պատճառով, երբ հայկական վարժարանները կը փակուին, հայ կիները տուներու մէջ գաղտնի դպրոցներ կը բանան:
Ըստ Ռոստոմի, 1901էն առաջ, արդէն Կարմիր Խաչի ընդհանուր կազմակերպութիւն ունենալու հարցը քանի մը անգամ ՀՅԴ ժողովներուն մէջ քննուած եւ լայն ընդունելութիւն գտած էր:
Վերջապէս, 1910ին, ՀՅԴ Բիւրոն Ամերիկա կը ղրկէ իր ականաւոր գործիչներէն՝ Է. Ակնունին (բուն անունով Խաչատուր Մալումեան), որ կազմակերպէ եւ զօրացնէ ՀՅԴ Կոմիտէները ու նաեւ հիմը դնէ Հայ Կարմիր Խաչին:
Ամերիկայի մէջ ալ նոյնպէս, 1903ին, եւ անկէ առաջ, Կոմիտէներու կողքին կային հայ կիներու խումբեր Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Թրոյի, Պոսթընի, Փրովիտէնսի եւ Ուեսթ Փուլմընի մէջ, որոնք նիւթական կ՛ապահովէին երկիր ղրկելու համար: ՀՕՄի վաւերաթուղթի մը համաձայն՝ Յունուար 1, 1910, Նիւ Եորքի մէջ կը հիմնուի «Կարմիր Խաչի Հայկական Ընկերութիւն» անունով միութիւն մը եւ իր անդրանիկ ձեռնարկին հասոյթը՝ 50 օսմանեան ոսկի, կը ղրկէ Մուշ, Ներսէս Եպիսկոպոս Խարախանեանին, Տալւորիկի մէջ նոր բացուելիք դպրոցին յատկացնելու համար:
Վերոյիշեալ Միութիւնը եւ միւս կանանց խմբակները հաւանական է շատ չանցած կորիզները պիտի դառնային «ՀՅԴ Հայ Կարմիր Խա»չի մասնաճիւղերուն:
Է. Ակնունի Ամերրիկա կը ժամանէ Սեպտեմբեր 10, 1910ին: Քաղաքէ քաղաք կը շրջի, հասնելով մինչեւ Քալիֆորնիա: Եկած էր երկու ամսուան համար, բայց կը մնայ մօտ մէկ տարի: Հայրենակարօտ հայուհիներուն կը խօսի երկրին մէջ տիրող ծանր պայմաններուն եւ հայ կնոջ ազգային պարտականութիւններուն մասին: Ակնունի լաւատեսութեամբ կ՛աւելցնէ, թէ Կարմիր Խաչը շուտով պիտի աճի եւ զարգանայ եւ պիտի փոխադրուի երկիր: Մինչ այդ ամերիկացի հայուհին պէտք է օգնէր բանտարկեալներուն եւ հայ ազգին բազմապիսի կարիքներուն:
Է. Ակնունի կը յաջողի կազմել 17 խումբեր, ՀՕՄի առաջին 17 մասնաճիւղերը, «ՀՅԴ ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉ» անուան տակ: Անոնք կը գտնուէին Նիւ Եորք, Պոսթըն, Ուստըր, Փրովիտէնս, Ուեսթ Հոպոքին, Ֆիլատելֆիա, Հարթֆըրտ, Ուեսթ Փուլմըն, Շիքակօ, Ֆրեզնօ, Թրոյ, Լին, Փեթըրսըն, Փորթլէնտ, Ուոթըրթաուն, Ուոքիկըն եւ Պրենթֆըրտ: ՀՕՄի պաշտօնական հիմնարկութեան թուական կրնանք նկատի ունենալ 1910ի Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսները:
Բայց ո՞վ է ՀՕՄի հիմնադիր Է. Ակնունին (Խաչատուր Մալումեանը):
Ծնած է 1863ին, Զանգեզուրի աւաններէն Մեղրիի մէջ: Աւարտած է Թիֆլիսի «Ներսէսեան» Ճեմարանը: Ուսուցիչ եղած է Ագուլիսի (Գողթն գաւառ)ի մէջ, ուր նաեւ դասաւանդած են Քրիստափոր Միքայէլեան, Գարեգին Խաժակ եւ ուրիշ ականաւոր հայեր:
1898ին Ակնունին կ՛անցնի Ժընեւ եւ քանի մը տարի տեղւոյն համալսարանին մէջ ընկերային գիտութիւններու ճիւղին կը հետեւի: Ժընեւի մէջ, Քրիստափոր Միքայէլեանի շունչին տակ, կը սկսի աշխատակցիլ «Դրօշակ» թերթին, ստորագրելով «Կովկասահայ Խապրիկներ» յօդուածաշարքը եւ այլ շատ շահեկան յօդուածներ: Ունէր հարուստ լեզու, գեղեցիկ ոճ եւ կուռ տրամաբանութիւն:
Է. Ակնունի ճանչցուած էր իբրեւ «անուանի հրապարակագիր, փայլուն հռետոր եւ ժողովրդական գործի»չ: Ամերիկա շրջելով, ան խօսքով եւ գրչով ժողովուրդին մէջ կը հրահրէ հայրենիքի սէր, յեղափոխութիւն, եղբայրութիւն եւ համերաշխութիւն: Դիւրահաղորդ էր, շարժուձեւերու մէջ կիրթ, խօսքի մէջ վարպետ, սրամիտ եւ հմայիչ: Ուաշինկթըն երթալով կ՛այցելէ նաեւ Ուիլեըմ Թաֆթին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ 1909էն 1913:
Դժբախտաբար, Է. Ակնունի 1915ին աքսորուեցաւ եւ անծանօթ ճամբաներու վրայ նահատակուեցաւ: Իբրեւ ժառանգութիւն իրմէ մնացին իր գիրքերը, յօդուածները եւ վսեմ գաղափարները:
Առ ի գիտութիւն, հեղինակը Անահիտ Մէյմարեանն է։