ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նորթ Հոլիվուտի մէջ հայ բնակիչներուն թիւը վերջին տասնամեակին բազմապատկուած է: Ճշգրիտ թիւեր չունինք, դժբախտաբար, բայց եթէ շրջանին մէջ ապրող ու գործող մարդոց գնահատականները միջին հաշիւի մը բերենք, կրնանք քսանէն քսանհինգ հազարի սահմանին կանգնիլ:
Դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, ազգային կառոյցներ ու միութիւններ: Այս բոլորը միասին դէմք ու դիմագիծ կու տան որեւէ շրջանի հայ համայնքին՝ կենսունակութեան ու զարգացման կարելիութիւններ շնորհելով անոր:
Նորթ Հոլիվուտի պարագային, հաւաքական, համախումբ, կազմակերպուած կեանքի ենթակառոյցները թէեւ ամբողջացած չեն, սակայն արագ թափով կը կազմաւորուին: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութիւնը, Հայ օգնութեան միութեան «Մեղրի» մասնաճիւղը արդէն կը գործէին ու 2008ի վերջաւորութեան, կարծես պահը հասունցած էր նաեւ եկեղեցական ծուխ կազմելու: Այդպէս ալ եղաւ, կազմուեցաւ ծուխը՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդին հաւանութեամբ, եւ Յունուար 2009ին, Ս. Ծնունդի օրը, տեղի ունեցաւ առաջին պատարագը՝ ասորա-քլտանական եկեղեցւոյ մէջ, ուր եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի եկեղեցական կեանքի զարգացումը:
«Եկեղեցին յաջողեցաւ աշխուժութիւն մտցնել մեր համայնքին մէջ, ու արդէն կայացած ծուխ ունինք Նորթ Հոլիվուտի մէջ», կը վկայէ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ Սեդա Դարբինեանը, որ նոյն մարմինի անդամներէն Հայկօ Պարսամեանի հետ միասին այցելած էր «Ասպարէզ»՝ իրենց յառաջիկայի՝ Ապրիլ 23ի, ձեռնարկը ծանուցելու համար: Այդ օրը, երեկոյեան ժամը 7ին, համայնքին մէջ միացեալ ոգեկոչական ձեռնարկ մը կազմակերպուած է, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 13050 Vanowen st.: Թեմիս առաջնորդը այդ օրը, ի՛նք պիտի պատարագէ ու օրուան պատգամը պիտի փոխացնէ: Ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Սարոյեանն ու Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովիւ, վեր. Յովսէփ Մաթոսեանը:
Համայնքը ուշադրութիւն կ՛ուզէ գրաւել: Համայնքի պատասխանատուները կ՛ուզեն իրենց ծուխին կայացման մասին հպարտօրէն խօսիլ: Այստեղ համերաշխութեան ուրիշ գեղեցիկ պատկեր մը ստեղծուած է. ծուխի ղեկավարման մէջ կողք-կողքի կ՛աշխատին նախկին լիբանանահայեր, Հայաստանէն եկածներ, տարբեր աշխարհագրական շրջաններէ Նորթ Հոլիվուտ հանգրուանած հայորդիներ:
Խոստացանք «Ասպարէզ»ի կողմէ մօտիկ ապագային յաւելեալ ուշադրութիւն կեդրոնացնել Նորթ Հոլիվուտի հայ համայնքին վրայ ընդհանրապէս, եւ եկեղեցւոյ արդէն երկու տարուան կեանք ունեցող ծուխին վրայ՝ մասնաւորապէս:
Առայժմ սահամանափակուինք՝ յայտնելով, որ շրջանի հոգեւոր հովիւի պարտականութիւնը ստանձնած է հայր Միւռոն Ազնիկեան, ծուխը ունի 140 անդամ եւ իր վերջին անդամական Ընդհանուր ժողովին ընտրած է ինը հոգիէ բաղկացած Հոգաբարձութիւն, որուն նախագահն է Խաչիկ Թիթիզեան, փոխնախագահը՝ Սեդա Դարբինեան: