Ապրիլի 23ի երեկոյեան, ժամը 5ին, Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներուն, ծաղկամատոյց պիտի կատարէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող «Ղօղանջ Ոգեկոչման» խաչքարին առջեւ (500 South Central Ave, Glendale CA 91204):
Գրողները նաեւ պիտի ընթերցեն նահատակ գրողներու ստեղծագործութիւնները՝ հնչեցնելով նահատակներու անմեռ խօսքը: Հրաւիրուած է հայ հասարակութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.