ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
ԷՆՍԻՆՕ.- Փետրուարեան ապստամբութեան զոհուածներու յիշտակին նուիրուած հոգեճաշ տրուեցաւ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղին կողմէ: Հոգեճաշը տեղի ունեցաւ Ազգ. «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահի մէջ, Փետրուար 27, 2010ին, ներկայութեամբ 40անդամ-անդամուհիներու: Ամերիկեան-հայկական քայլերգներու նուագէն ետք, Ռազմիկ քհն. Խաչատուրեան օրհնեց սեղանն ու սեղանակիցները, եւ յատուկ աղօթք մատուցեց ազգին համար զոհուած կտրիճներու յիշատակին:
Ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցելու յիշատակեալներուն: Ապա ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը, որուն առաջին բաժնով հրաւիրեց Սօսի Մարտիրոսեանը (օփերայի երգչուհի), որ իր գեղեցիկ ձայնով հմայեց ներկաները: Երգչուհիին ընկերացաւ ատենապետը՝ ջութակի կատարողութեամբ: Ապա ասմունքով հանդէս եկաւ «Ֆերահեան» վարժարանի առաջին տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, որ արտասանեց Սարմէնի «Ընկուզենի»ն: Ինճէճիկեան նաեւ խոստացաւ անդամագրուիլ նախկին «Երիտասարդաց» մեր միութեան: Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ազգային երգերու խմբային կատարողութեամբ: Տեղի ունեցաւ նաեւ անվճար վիճակախաղ, որմէ բախտաւորուեցան վեց անձեր: