ՄԷՐԻ ՋԱՂԱՑՊԱՆԵԱՆ
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնը այս տարի եւս կազմակերպած էր Միջինքի օրուան յատուկ ճաշկերոյթ, Չորեքշաբթի, 10 Մարտ, 2010ին:
Արեւագալի արարողութենէն անմիջապէս ետք, եկեղեցի յաճախող հաւատացեալ ժողովուրդը, որուն թիւը աւելի էր քան 200, ուղղուեցաւ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահ՝ մասնակցելու միջինիքի ճաշկերոյթին։

Ճաշի եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան։ Տէր հայրը բարի գալուստի խօսքը կատարելէ ետք, եկեղեցւոյս Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Մէրի Ջաղացպանեանը շնորհակալական իր խօսքերը արտասանեց: Ապա, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան ներկաներուն յստակօրէն բացատրեց Մեծ Պահքի իմաստն ու կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին մէջ, եւ անոր հետ կապուած Միջինքի հայկական աւանդութիւններն ու գեղեցիկ սովորութիւնները։
Յայտագիրին մաս կը կազմէին հայկական ժողովրդական եւ աշուղական երգերը. ներկաները մեծ հաճոյքով ունկնդրեցին Նշան æաղացպանեանի եւ Վառուհի Շահինեանի հմայիչ երգեցողութիւնը:
Ասմունքով իրենց մասնակցութիւնը բերին Զարուհի ՔիւրքՃեանը եւ տիկին ԳալաՃեանը։
Ներկաները հիւրասիրուեցան Պահքի համեղ եւ զանազան ճաշատեսակներով։ Վաճառուեցան աւանդական գաթաներ, որոնց մէջ կը գտնուէր բախտաւոր «Penny»ն՝ մետաղեայ դրամը. իսկ մէկ գաթայի մէջ յատկապէս կար ոսկեայ խաչ մը։
Տիկնանց միութիւնը ճաշկերոյթի ընթացքին պատրաստած էր նաեւ վիճակահանութիւն, որուն համար կային շուրջ 50 նուէրներ։ Զուարճալի եւ հաճոյալի մթնոլորտէ ետք, ներկաները բաժնուեցան այդ յոյսով, որ յաջորդ տարի, դարձեալ կը հանդիպին Միջինքին։