ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Անգարայի «Մտածումի ազատութեան նախաձեռնութիւն» խմբակը, Ապրիլ 24-25ին պիտի կազմակերպէր հայ եւ թուրք մտաւորականներու հանդիպում մը, որուն ընթացքին մտաւորականները պիտի քննեն Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ վնասուց հատուցում կարելիութիւնները:
Հաւաքը տեղի պիտի ունենար Անգարայի Ճարտարապետներու գրասենեակի սրահին մէջ, սակայն վերջին վայրկեանին, գրասենեակին վարչութիւնը հաղորդեց, թէ Ապրիլ 22- Մայիս 5 թուականներուն, սրահին մէջ նորոգութեան աշխատանք պիտի կատարուի եւ այդ պատճառաւ կարելի պիտի չըլլայ գիտաժողովը այնտեղ կայացնել։
Գիտաժողովի կազմակերպիչները այս անգամ որոշած են ձեռնարկը իրականացնել Անգարայի «Երենսես» պանդոկին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.