ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն վերի պատգամը անուղղակիօրէն յղեց Միջին Արեւելքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլին, որ Հինգշաբթի, Ապրիլ 22ի երեկոյեան Իսրայէլ ժամանեց, երբ Միչըլի ժամանումէն քիչ ետք, պատկերասփռուած ելոյթի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ բռնագրաւեալ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իսրայէլացիներու յատուկ բնակարաններու ապօրինի կառուցումը պիտի չսառեցնէ, հակառակ ամերիկեան կոչերուն: Ան այս յայտարարութեամբ անգամ մը եւս կը սպառնայ ձախողութեան մատնել ամերիկեան միջնորդական առաքելութիւն մը: Տեղի ունեցածը կրկնութիւնն էր մէկ ու կէս ամիս առաջ ստեղծուած իրարանցումին, որ հետեւանք էր Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի այցելութեան օրերուն «սխալմամբ» բացայայտուած լուրի մը, որ կ՛առնչուէր գրաւեալ հողերուն վրայ ապօրինի շինարարութեանց: Այդ բացայայտումին հետեւանքով, Միչըլի Միջին Արեւելք այցելութիւնը յետաձգուած էր օրին եւ պաղեստինցիները մերժեցին մասնակցին Միչըլի առաջադրած անուղղակի բանակցութեանց:
Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան իշխանութեանց ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումներով, Միչըլ պիտի փորձէ վերակենդանացնել անուղղակի բանակցութիւնները: