ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ Էտըմ Շիֆ պիտի բանախօսէ Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ կայանալիք ոգեկոչման գլխաւոր ձեռնարկին ընթացքին, որ պիտի սկսի կ.ե. ժամը 1:30:
Ելոյթ ունեցողներու շարքին է նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի մեծամասնութեան ղեկավար Չարլզ Քալտերոնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.