ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի ողջունած է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի ընդունումը, եւ կոչ կատարած է իր գործընկերներուն շարունակելու այդ գործընթացը եւ հասնելու այն հանգրուանին, ուր Միացեալ Նահանգները պատշաճօրէն պիտի ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հանդէպ իրականացուած Ցեղասպանութեան իրականութիւնը։
Ելոյթ ունենալով Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Քոնկրեսի տարեկան միջոցառման ընթացքին, որ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21ին տեղի ունեցաւ Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերով համախմբումին կողմէ՝ Փելոսի շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է կատարել այդ քայլը՝ յանուն Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն:

Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Սթենի Հոյըր նոյնպէս վերահաստատած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին բերելու եւ զայն վաւերացնելու յանձնառութիւնը, եւ կոչ կատարած է իր գործընկերներուն ու բոլոր ամերիկացիներուն, որ երբեք չըլլան անտարբեր դիտորդի դերի մէջ, երբ գործը կը վերաբերի մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճրագործութիւններուն։
Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմըն խօսած է Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ անոր ուրացման ընդդիմանալու բարոյական պարտաւորութեան մասին, իսկ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի հեղինակ Էտըմ Շիֆ վստահեցուցած է, որ հետամուտ պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի մէջ բանաձեւին վաւերացման։
Միջոցառման մասնակցած են շուրջ երկու տասնեակ քոնկրեսականներ, ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ Ուաշինկթընի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան։
Յայտնենք, թէ նոյն օրուան Ներկայացուցիչներու տան նիստին բացման աղօթքը կատարեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանը՝ ոգեկոչելով Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ան հրաւիրուած էր Նիւ Եորքէն դեմոկրատ քոնկրեսական Քերոլայն Մալոնիի կողմէ:
Միւս կողմէ, Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի նախագահ Ռիչըրտ Արմիթեճ նամակով մը կոչ ըրած է նախագահ Պարաք Օպամային, որ այս տարուան Ապրիլ 24ի իր պատգամին մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը չգործածէ։ Ան գրած է, որ թուրքերը անարդար պիտի նկատեն ցեղասպանութիւն բառին գործածութիւնը եւ ասիկա կրնայ վնասել Միացեալ Նահանգներու շահերուն։ Ան դիտել տուած է, որ Թուրքիա իր դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւած է՝ նշելով յատկապէս Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու համար տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը: