ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Սերժ Սարգսեան Համայն Հայութեան Առաջնորդը Չէ՛
Կրնա՛ր ըլլալ, բայց, դժբախտաբար որ այդպէս չէ՛։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Ազգային ժողովի խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան անգամ մը եւս կը սխալի, երբ Սերժ Սարգսեանի Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան անդրադառնալով՝ կ՛ըսէ, որ Հայաստանի նախագահը համախմբած է Սփիւռքի կառոյցները՝ Ցեղասպանութեան 95ամեակին նախօրեակին, եւ կը հաստատէ, որ «նման բան չէր եղած վերջին 10 տարիներուն ընթացքին։ Սփիւռքը ճանչցաւ Սերժ Սարգսեանի առաջնորդութիւնը համահայկական հարցերու մէջ»։
Յանկարծ ի՞նչ պատահեցաւ, որ Սփիւռքի հայութիւնը տականք համարող Հանրապետական ղեկավարը սկսաւ մտածել ու մտահոգուիլ Սփիւռքի հայութեան համախմբուածութեան մասին։ Ակնյայտ իրողութիւն է, որ Գալուստ Սահակեանն ու իր նման մտածողները տակաւին Սփիւռքը լաւ չեն ճանչնար, իսկ ամէնէն ողբերգականը՝ անոնք անհաղորդ են Սփիւռքի հայութեան անցեալին, կազմաւորման ու գոյատեւման մաքարումներուն եւ ազգային ձգտումներուն։
Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի սեմին Սփիւռքը համախմբելու «հրաշք» մը Սերժ Սարգսեանին վերագրելը, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար՝ միամտութիւն է։ Իսկ Գալուստ Սահակեանի պարագային՝ իրողութեանց չարափոխում։
Սփիւռքը 1915էն ի վեր միշտ ալ համախմբուած եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, մեր բռնագրաւուած հայրենի հողերու ազատագրութեան եւ հատուցման ազգային նպատակներուն շուրջ։ Սփիւռքի մէջ ներքին պառակտումներու եւ բախումներու ամենադառն օրերուն իսկ, սփիւռքահայութիւնը միշտ ալ համախմբուած եղած է ազգային այդ նպատակներուն շուրջ։ Հետեւաբար, Գալուստ Սահակեանն ու Սերժ Սարգսեանը Սփիւռքը համախմբելու առաքելութեան նախաձեռնելէ առաջ, հարկ է որ նախ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ վերականգնեն ազգային ուղղութիւնը, սրբագրեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով իրենց մշակած ու գործադրած պարտուողական ու նուաստացուցիչ քաղաքականութիւնը, վերադառնան Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան միասնական պայքարի խրամատ։
Եթէ Գալուստ Սահակեան կ՛ուզէ խօսիլ վերջին տաս տարիներու մասին, ապա անոր պէտք է յիշեցնել որ կարելի է տակաւին շատ աւելի ետ երթալ։ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր ո՛չ մէկ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նման Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ չէր ստորագրած այնպիսի արձանագրութիւններ, որոնց առկախման թէ ամբողջական տապալումին պարագային անգամ պիտի շարունակեն վնաս հասցնել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազգային շահերուն ու այսօրուան իշխանութիւններուն հաշւոյն մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած պիտի մնան իբրեւ նուաստացուցիչ ու ամօթալի էջ։ Սերժ Սարգսեան Թուրքիոյ նկատմամբ վարած իր քաղաքականութեամբ Հայաստանն ու հայութիւնը դրաւ աննախադէպ ծանր կորուստներու առջեւ։
Անհասկնալի կը մնայ թէ Գալուստ Սահակեան ի՞նչ տուեալներու վրայ հիմնուած կը յանգի այն եզրակցութեան, որ «Սփիւռքը ճանչցաւ Սերժ Սարգսեանի առաջնորդութիւնը համահայկական հարցերու մէջ»։
Մեր ժողովուրդի պատմութեան հարկադրանքը եւ մարդկային տրամաբանութիւնը կը թելադրեն, որ ՀՀ նախագահը իսկապէ՛ս դառնայ համահայկական հարցերուն մէջ առաջնորդող հեղինակութիւն։ Դժբախտաբար այդպէս չէ՛ իրականութիւնը։ Սերժ Սարգսեան չուզեց դառնալ այդ նախագահը։ Ու տակաւին կը շարունակէ խուսափիլ այդ դերակատարութենէն։ Համահայկական իղձերուն եւ երազներուն հակոտնեայ վարքագիծ ու քաղաքականութիւն ունեցող նախագահը չի՛ կրնար ստանձնել այդ դերակատարութիւնը։ Արձանագրութիւններու ստորագրութեան կանխող օրերուն Սերժ Սարգսեանի կատարած սփիւռքեան ուղեւորութեան ընթացքին դրսեւորուած ընդվզումի եւ բողոքի բուռն արտայայտութիւնները բաւարար են հասկնալու համար, թէ որքա~ն խորն էր Սփիւռքի հայութեան եւ համա՛յն հայութեան մերժումը նախագահին ու անոր վարած քաղաքականութեան նկատմամբ։ Այդ մերժումը, այդ անվստահութեան պատն ու ընդվզումը կարելի չէ՛ վերացնել արուեստական միջոցներով, թատերականացած ելոյթներով։ Տէր Զօրի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հնչած զգացական ելոյթներն ու Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Ուիլսընի շիրիմին առջեւ արտասանուած խօսքերը որքան ալ ողջունելի համարուին, անոնք ոչ մէկ արժէք եւ անդրադարձ կÿունենան, երբ անոնց չի զուգորդուիր գործը, երբ թուրքերու կատարած բիրտ ու լկտի ազդարարութիւններուն համապատասխան չեն ըլլլար Հայաստանի իշխանութիւններուն որոշումներն ու հակազդեցութիւնները։
Այլ առիթով մը ըսած էինք, որ հանրութիւնը անցկութեամբ Սերժ Սարգսեանին կայացուցած որոշումներու հրապարակման սպասելու ոչ մէկ պատճառ ունի։ Ցարդ Սերժ Սարգսեանի ու անոր վարչակարգին կողմէ մատուցուած անակնկալները կամ խորհրդապահական պահուած բանակցութիւններն ու որոշումները լաւ բան չեն յուշեր։ Ապրիլ 22, 2010 թուականը եւս աւելցաւ այդ յուսախափութեանց եւ հիասթափութեանց շարքին։ Փոխանակ արձանագրութիւններուն տակ դրուած Հայաստանի ստորագրութիւնը ետ քաշելու, նախագահը դիւանագիտական խուսանաւումով մը կը յայտարարէ որ «վճռել ենք առայժմ դուրս չգալ գործընթացից, այլ միայն կասեցնել արձանագրութիւնների վաւերացման ընթացակարգը»։
Ակամայ կը յիշենք Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի խօսքը՝ «Պարոն Սարգսեանին ալ ըսած ենք, որ նոյնիսկ ամենէն դժուար պահուն սեղանէն հեռանալ պիտի չըլլայ»։
Անվիճելի փաստ է որ այս գործընթացին անվերջ երկարաձգումը թրքական սադրանք մըն է, որ կը սպառէ Հայաստանի քաղաքական ներուժը ու կը շարունակէ սպառնալ մեր հայրենիքի ու ազգի անվտանգութեան։
ՀՀ նախագահը անգամ մը եւս քաջութիւնը չունեցաւ գործով ապացուցելու հռետորական ու քարոզչական բնոյթ կրող իր յայտարարութիւններուն վաւերականութիւնն ու անկեղծութիւնը։ Նախագահը արդէն դիւնագիտական խուսանաւումները արտաքին ճակատէն կարծէք փոխադրած է ներազգային բեմահարդակ։
Համայն հայութեան առաջնորդը ըլլալու միակ ուղին խիզախ ու զգօն քայլով մը ամօթալի այդ արձանագրութիւններուն տակ դրուած Հայաստանի ստորագրութիւնը ետ վերցնելու քայլը կրնար ըլլալ։ Չեղա՛ւ։
Համայն հայութեան առաջնորդը ըլլալու միակ ուղին խիզախ ու զգօն քայլով մը այս արձանագրութիւններուն եւ գործընթացին պատճառած վնասներուն վերացման աշխատանքին նախաձեռնելու վճռակամութիւնը կրնար ըլլալ։ Չեղա՛ւ։
Ափսոս։ Դէպի ազգայինը իսկական շրջադարձի փոխարէն, նախագահը Ապրիլ 24ի նախօրեակին խիզախ ու ազգային նախաձեռնութեան մը պատրանքը կը մատուցէ լոկ։
Յովանը շատ ճիշտ գնահատեց Սարգսեանի վերջին իրադարձութեան մասին, սակայն կարծես ենթադրւում է որ իբրեւ թէ Սարգսեանը գոնէ մի բան ճիշտ գործեց։ Պէտք է մէջբերեմ որ դա ամենեւին էլ ոչ ճիշտ չէ, Սարգսեանի վերջին կատարութիւնը մի այլ կերպ է այն տխրահռչակ եւ անբարոյական արարքին որ կատարուած անցեալ Ապրիլ 23–ին (2009 թ)։ Սա նորից փախուստ է պարտականութիւնից, եւ կ՛հետեւի Օպամայի միեւնոյն տեսակի խօսքով ինչպէս Ապրիլ 24 2009–ին։
Երկրորդ հարցը այստեղ այն է որ՝ ոչ թէ Սարգսեանը տարանջատեց միայն Սփիւռքը, այլ նաեւ հէնց Մայր Հայաստանը։ Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութիւնը գրեթէ կորցրել է իր միասնութեան յատկութիւնը եւ գտնւում է պառակտուած վիճակում։
Յովան ջան, այս շեֆերը ջայլամի քաղաքականութիւն են միայն վարում իրենց «խիզախ ընկերներ»ի հետ, ու ոչինչ գործում։