
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Ապրիլ 22 թուակիր նամակով մը, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ Էտըմ Շիֆ կոչ ըրած է նախագահ Պարաք Օպամային, որ յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը:
Ան նախագահին յղուած իր նամակին մէջ նաեւ կը շեշտէ, թէ Օպամա իր անցեալ տարուան յայտարարութեան մէջ յստակօրէն չէր բնութագրած Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այն սխալ համոզումին պատճառով, թէ նման քայլ մը կրնայ վնաս հասցնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացին: Ան կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները չեն կրնար բնականոնանալ, երբ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան, իր կարգին, ողջունեց Շիֆի սոյն նամակը եւ նշեց, թէ Օպամա կը գտնուի իր խոստումը յարգելու կամ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու աշխատանքին մէջ Թուրքիոյ մեղսակիցը դառնալու ընտրանքին առջեւ: