ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Սպանիոյ ամենայայտնի դատաւորներէն Պալթասար Կարզոն, որ համաշխարհային հռչակ շահած էր Չիլիի մենատէր Ակուսթօ Փինոշէի, Հարաւային Ամերիկայի այլ մենատէրներու, ինչպէս նաեւ Կուանթանամոյի բանտերուն մէջ տեղի ոնեցող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները հետապնելով, կը գտնուի ինքզինք երկրին գերագոյն ատեանին առջեւ պաշտպանելու պարտադրանքին տակ:
Արդարեւ, ան Մայիս ամսուան ընթացքին գերագոյն ատեանին առջեւ պիտի ներկայանայ՝ պաշտպանելու համար Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին եւ անկէ ետք, երկրին ղեկը ստանձնած մենատէր Ֆրանքոյի իշխանութեան օրերուն, «անհետացած» աւելի քան 114,000 քաղաքացիներու հարցը հետապնդելու իր դիմումը:
Սպանիոյ իշխանութեանց կողմէ 1977ին վաւերացուած օրէնքով մը, 1936-1975 ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած պետական ոճիրները կարելի չէ հետապնդել, սակայն Կարզոն կը պնդէ, թէ ներման օրէնքը ի զօրու չէ, որովհետեւ մարդկութեան դէմ ոճիրները պատժել պահանջող միջազգային օրէնքները նախապատուութիւն ունին: Այս պատճառով, Կարզոն իր դիմումը կատարած է Արժանթինի մէջ:
Իրենց ամենայայտի դատաւորը հետապնդելով՝ Սպանիոյ իշխանութիւնները կը գտնուին երկրին իրաւական վարկը ոտնակոխելու վտանգին առջեւ: Դատաւորը կրնայ մինչեւ 20 տարիով կորսնցնել իր պաշտօնը:
Կարզոնի դէմ բացուած դատը փակելու նպատակով, Սպանիոյ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու եւ ձախակողմեան շրջանակներու կողմէ սկսած ցոյցերը աւելցած են:
Կարզոնի դէմ ամբաստանութիւնը դատապարտողները նաեւ կը պնդեն, թէ Կարզոն աջակողմեան շրջանակներու կողմէ կը հալածուի, որովհետեւ ան կը հետապնդէ նաեւ երկրին գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը հանդիսացող աջակողմեան Ժողովրդային կուսակցութեան մէջ տեղի ունեցած զեղծարարութեանց ամբաստանութիւնները: