Նախորդ թիւով խօսած էինք ժամանակը կազմակերպելու մասին։ Այժմ կը ներկայացնենք գործնական 10 միջոցներ, որոնք կրնան մեզի օրական դրութեամբ մէկ ժամ շահեցնել։ Իսկ տարուան մը համար՝ 365 ժամ… Մէկ խօսքով՝ բաւական ժամանակ…
Հիմնական գաղտնիքը կը կայանայ քիչ մը դանդաղելու մէջ։ Մինչ կը կարծենք, որ դանդաղելով կրնանք ուշանալ, փաստուած է, թէ քիչ մը դանդաղելով աւելի շատ ժամանակ կրնանք ունենալ։
Միշտ մտածեցէք, որ ժամանակը ձեր ընկերն է եւ ոչ հակառակորդը, որուն դէմ պէտք է պայքարիք։ Միշտ մտածեցէք եւ վարուեցէք այն նկատառումով, որ առատ ժամանակ ունիք եւ ոչ թէ՝ ժամանակի չգոյութիւն։ Հապճեպի չմատնուիք, այլապէս, ամէն բան աւելի դժուար կ՛ընթանայ։ Վայելեցէք իւրաքանչիւր վայրկեան։ Գոհացէք այդ ժամանակով եւ պիտի նկատէք, թէ աւելի շատ առիթ ունիք ամէն բանի համար։
Ժամանակին հետ լաւ յարաբերութիւն մշակելով կը սկսի գաղտնիքը։
Գործնականօրէն՝
1- Ակնկալութիւնները դասաւորեցէք.
2- Նախապատուութիւնները ճշդեցէք.
3- Մարզանք ըրէք։ Անպայման մարզանքով անցուցէք եւ հանգստացուցէք ձեր մարմինը եւ յոգնած ջիղերը։
4- Երբեմն «ո»չ ըսէք.
5- 15 վայրկեան առաջ արթնցէք, որպէսզի հանգստացնէք ձեր միտքը ու խաղաղութեամբ սկսիք օրը։
6-Անպայմանօրէն բաւարար հանգստացէք։ Անբաւարար հանգիստը ժամանակի ընթացքին կրնայ մաշեցնել ձեզ ու դարձնել աւելի անգործունեայ։ Մինչ հանգիստէ ետք աշխատանքի լծուիլը աւելի գործնական կ՛ըլլայ։
7- Քանի մը գործ միաժամանակ մի կատարէք։ Թէեւ, իբրեւ կին, այդ կարողութիւնը ունինք, բայց անիկա կրնայ շատ սպառել մեզ։
8- Օրական ճշդուած ժամու մը ստուգեցէք ձեր ե-նամակները։ Նոյնպէս սահմանափակեցէք համակարգչային ժամերը։
9- Հեռաձայնը անջատեցէք որոշ ժամէ մը ետք, երբ անկողին կ՛ուղղուիք։
10- Մտածեցէք, որ բաւարար ժամանակ ունիք։ Երբեք ձեր միտքը մի տանջէք այն գաղափարով, որ ժամանակը բաւարար չէ։ Միշտ դրական թող ըլլայ ձեր մօտեցումը ժամանակին նկատմամբ։
Ձեր սիրած գործերը կատարելու համար անպայման ժամանակ տրամադրեցէք։ Ամէն գնով կարելի է այդ մէկը յաջողեցնել։ Սկիզբը անիկա քիչ մը յաւելեալ ճիգ կը պահանջէ, բայց յետոյ պիտի արժէ այդ ճիգն ու ջանքը, զորս պիտի տրամադրէք ձեր սիրածը իրականացնելու եւ աւելի գոհունակ կեանք մը ապրելու համար։
—————————————————————————————————————————
Զարմանք Յառաջացնող Իրողութիւն՝ Գերճնշուած Մարդոց 40 Առ Հարիւրը Կը Ծխէ
Ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գերճնշուածութեամբ տառապողներուն 40 տոկոսը ծխողներ են։ Այսինքն անոնք, որոնք կարիքը ունին ծխախոտէն ձերբազատուելու, երկու պարագաներուն համար ալ օգնութեան կարիքը ունին։ Այս ուսումնասիրութիւնը վերջերս հրատարակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վիճակագրութեան մէջ։
Ըստ նշեալ վիճակագրութեան, գերճնշուածութենէ տառապող միջին տարիքի տղամարդոց կէսը ծխողներ են։ Կիներու պարագային՝ 40 տարեկանէն վար գերճնշուած կիներուն 50 առ հարիւրը կը ծխէ։
Ըստ մասնագէտներու, շատ դժուար է գերճնշուածներուն համար ծխախոտէն ձերբազատուիլ։ Շատ ուժեղ դարմանումի միջոցներով կարելի կ՛ըլլայ այդ մարդկանց համար հրաժարիլ ծխախոտէն, սակայն անոր վերադառնալու հակամէտ կը մնան միշտ։ Ծխախոտէն հեռանալու կամ ձերբազատուելու դարմանումը ինքնին գերճնշուածութենէ ձերբազատուելու միջոց է, ըլլայ անիկա դեղ կամ ուղղակի հոգեբանական դարմանումի նիստ։
Կարգ մը դեղեր, որոնք փաստուած են, որ կրնան գերճնշուածութեան դէմ պայքարիլ, մեծապէս կը նպաստեն նաեւ ծխախոտէն ձերբազատուելու։ Սակայն այդ դեղերը, իրենց կարգին, շատ ուժեղ եւ աւերիչ կողմնակի ու անախորժ ազդեցութիւններ ունին։
2005-2008 թուականներուն ուսումնասիրական տուեալներով նշուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու չափահասներուն 7 տոկոսը կը տառապի գերճնշուածութենէ։ Իսկ ամբողջ աշխարհի տարածքին, տարեկան 5 միլիոն մարդ կը մահանայ ծխախոտի պատճառով։ Միջին հաշիւով, ծխողները 13-14 տարի աւելի կանուխ կը մահանան, քան չծխողները։
Այս ուսումնասիրութիւնը կատարուած է Debra Brody of the National Center for Health Statistics-ի կողմէ։