Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով, յառաջիկայ Կիրակի, Մայիս 2ին, Ատրպատականի վախճանեալ առաջնորդ Նշան եպսկ. Թօփուզեանի հոգւոյն համար հոգեհանգիստ տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի մայրավանքին, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, նոյն Կիրակի օրը թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ տեղի պիտի ունենայ հոգելոյս սրբազանին յիշատակին։ Այսու կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլայ արարողութեան ու աղօթք բարձրացնէ առ Աստուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.