ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀԵԴի նախաձեռնած Փոքրիկ Հայաստանը մաքրելու արշաւը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 2ին:
Աւելի քան երկու հարիւր կամաւորներու մասնակցութեամբ իրականացած այս տարուան արշաւին կազմակերպչական գլխաւոր աշխատանքները ստանձնած էր ՀԵԴի Հոլիվուտի «Մուսա Տաղ» ուխտէն յատուկ յանձնախումբ մը, որ դրամահաւաքին կողքին կատարած էր նաեւ քաղաքական հարկաւոր արտօնագիրները ապահովելու եւ մաքրուելիք թաղամասերը որոշելու աշխատանքը:
Արշաւին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 10ին, Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանին մէջ, ուր ելոյթ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Քեւըն տը Լէոնի ներկայացուցիչ Պայծառ Թոմասեան: Ան բացատրեց, թէ տարեկան աւանդութեան մը վերածուած այս աշխատանքը արդէն իսկ ուշադրութիւնը գրաւած է շրջանի բնակիչներուն եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն՝ ստեղծելով շատ դրական տպաւորութիւն մը:
Իր կարգին, վերջերս Կրիֆիթ Փարքի թաղային խորհուրդի անդամ ընտրուած Քրիսթին Խանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որ գործնականապէս իրենց ներդրումը կ՛ունենան Փոքրիկ Հայաստանի վիճակը բարելաւելու աշխատանքներուն:
Մինչեւ կ.ե. ժամը 3 տեւած արշաւին ընթացքին կամաւորները կրցան հաւաքել 3200 փաունտ աղբ, տնկեցին ծառեր եւ հրոսակախումբերու կողմէ պատերու վրայ գրուած գրութիւնները ներկերով ծածկեցին:
Նախկին տարիներուն, հարիւրաւոր ՀԵԴի անդամներ ու համակիրներ մասնակցած են սոյն արշաւին՝ Հոլիվուտ ժամանելով մինչեւ Արիզոնայէն, Ֆրեզնոյէն, Սան Ֆրանսիսքոյէն ու Լաս Վեկասէն: Այս արշաւին շնորհիւ, ցարդ կարելի եղած 30,000 թոն աղբ հաւաքել Փոքրիկ Հայաստանի թաղերէն, ըստ Լոս Անճելըս քաղաքի տուեալներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.