ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ կողմէ «Հըզպալլա»ի տրամադրուած «Սքատ» տիպի հրթիռներուն լուրը իսրայէլեան պատճառաբանութիւն մըն է, որ կը միտի ուշադրութիւնը շեղել շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթէն։ Ան նշեց, որ ներկայիս գլխաւոր հարցն է շրջանին մէջ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելը: «Պէտք է ջանք թափել, որ իսրայէլեան-պաղեստինեան բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնը սկսին, ինչպէս նաեւ անոնց զուգահեռ ընթանան սուրիական-իսրայէլեան եւ լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը հաստատել», ըսաւ ան։ Կիւլ աւելցուց, որ խստիւ դատապարտելի է իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցման շարունակութիւնը։
Իսրայէլեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան համաձայն, «Սքատ» հրթիռներէն բացի, Սուրիա մնայուն կերպով եւ տարբեր տեսակի օժանդակութիւն կը տրամադրէ «Հըզպալլա»ի։ Ըստ նոյն աղբիւրին, «Հըզպալլա» ներկայիս ունի տարբեր տեսակի հազարաւոր հրթիռներ, որոնց մէկ մասը կրնան հասնիլ մինչեւ Իսրայէլի խորերը։
Սուրիական պաշտօնական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ «Իսրայէլ շրջանին մէջ կը փափաքի պատերազմ մը բռնկեցնել՝ օգտագործելով այն պատճառաբանութիւնը, թէ մենք «Հըզպալլա»ին «Սքատ» հրթիռներ կը տրամադրենք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.