ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ երիտասարդ եւ անփորձ դեսպան Հաքան Թեքին շատ կը փորձէ բարենիշ շահիլ Անգարայի իր վարպետներէն՝ հակառակելով ամերիկեան մամուլին մէջ հայերուն մասին լոյս տեսած որեւէ նշումի։ Անցեալ շաբաթ ան իր սահմանը անցաւ, երբ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ին ուղղեց յարձակողական նամակ մը։
Թեքին դժգոհ էր Փաթ Մորիսընի՝ ինծի հետ ունեցած հարցազրոյցէն, որ լոյս տեսած էր «Թայմզ»ի 24 Ապրիլի թիւի կարծիքներու եւ խմբագրականի էջին վրայ։ Յօդուածին վերնագիրն էր՝ «Յարութ Սասունեան. Հաւատարիմ՝ Անցեալին»։
Իր ամփոփ նամակին մէջ դեսպան Թեքին կարգ մը սխալ դատողութիւններ ըրած էր։ Նախ եւ առաջ ան քննադատած էր «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի «Pulitzer» մրցանակի արժանացած վեթերան թղթակից Փաթ Մորիսընը՝ ըսելով, որ «Շատ սխալ ուղղութեամբ առաջնորդող տարրեր» կային անոր հարցազրոյցին մէջ, առանց թուելու անոնցմէ նոյնիսկ մէկը։
Դեսպանին նամակին պարունակութենէն դատելով՝ անիկա հաւանաբար շարադրուած էր թրքական կառավարութեան կողմէ սուղ գինով վարձուած ամերիկեան հանրային յարաբերութիւններու հաստատութիւններէն մէկուն կողմէ։ Բառերը ամերիկացիներուն կողմէ գրուած էին, բայց միտքերը վստահաբար թուրք ուրացողի մը միտքերն էին: Հանրային յարաբերութիւններու հաստատութիւններուն համար տարբերութիւն չ՛ըներ թէ որքա՛ն անմիտ դուրս կու գան իրենց պատրաստած նամակները, այնքան ատեն, որ զիրենք վարձողները գոհ են եւ կը հատուցանեն զիրենք առատաձեռն կերպով։ Ահա՛ ձրի խորհուրդ մը՝ թրքական կառավարութեան եւ դեսպանին, զոր պէտք է պահեն իրենց մտքին մէջ, նախքան ազատ երկրի մը ազատ մամուլին դէմ դիրքորոշուիլը. «Վէճի մէջ մի՛ մտներ մէկու մը հետ, որ տակառով կը գնէ իր մելանը»։
Թեքին այնպէս կը վարուի, որ կարծէք տակաւին կը գտնուի Թուրքիա, ուր մամուլը յաճախ ճնշուած է Ֆաշիստական այնպիսի մեթոտներով, ինչպէս օրինակ՝ թղթակիցներ բանտարկել կամ ֆիզիքապէս ոչնչացնել։ Ան ի զուր կը փորձէ Միացեալ Նահանգներ ներածել Թուրքիոյ ոչ-ժողովրդավարական «բերան գոցելու» քաղաքականութիւնը՝ փորձելով լռեցնել «Լոս Անճելըս Թայմզ»ը:
Դեսպանը նաեւ յարձակում կը գործէ այն նկարին դէմ, որ կ՛ընկերանայ յօդուածին եւ որուն մէջ ես բռնած եմ մեծ մօրս նկարը՝ «զարդարուած կապարներու գօտիով մը»։ Ես շատ հպարտ եմ իմ մեծ մօրմով՝ Կատարով, որովհետեւ այն ժամանակ, երբ աւելի քան մէկ միլիոն հայեր Թեքինի նախահայրերուն կողմէ կ՛առաջնորդուէին դէպի իրենց մահուան քայլարշաւը, ինք եւ իրեն նման ուրիշ զէյթունցիներ՝ տղամարդիկ, կիներ եւ մանուկներ, իրենք զիրենք կը պաշտպանէին անվեհեր՝ մերժելով մորթուիլ ոչխարներու նման։ Եթէ ան կռիւ մղած չըլլար իր կեանքը փրկելու համար, ես այսօր գոյութիւն պիտի չունենայի, բան մը, որ կրնար ուրախացնել դեսպանը: Արդեօ՞ք Թեքին նեղացած է անոր համար, որ թրքական կառավարութիւնը չկրցաւ յաջողեցնել մինչեւ վերջին հայը բնաջնջելու իր ծրագիրը։
Ապա դեսպան Թեքին քննադատեց զիս՝ Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ արձանագրութիւններուն դէմ «անողոք ընդդիմութեան»ս համար։ Ան միայն իր կառավարութիւնը կրնայ մեղադրել՝ չվաւերացնելուն համար սոյն արձանագրութիւնները, որոնք «փոշի կը հաւաքեն» Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր։ Հայերը իսկապէս բախտաւոր են, որ Թուրքիոյ ղեկավարները անուշադրութեամբ պաշտպանեցին Հայաստանի շահերը՝ չվաւերացնելով արձանագրութիւնները, Հայաստանի կառավարութենէն յաւելեալ զիջումներ ձեռք բերելու նպատակով:
Անհաւատալիօրէն, Թեքին իր խղճալի նամակը կ՛աւարտէ քաջալերելով զիս, որ ըլլամ Ուիլեըմ Սարոյեանի նման, որ, ըստ Թեքինի, «գթասիրտ» էր թուրքերուն հանդէպ: Կ՛ուզեմ յիշեցնել թուրք դեսպանին Սարոյեանի հանրածանօթ յայտարարութիւնը, ուր հեղինակը կը դատապարտէ թուրքերը՝ Հայաստանը եւ իր ժողովուրդը կործանելու մեղքով։
Ստորեւ՝ սկզբնական տարբերակը այդ մէջբերումին, այնպէս, ինչպէս հրապարակուած էր «Inhale & Exhale»ին մէջ, Random House-ին կողմէ, Նիւ Եորք, 1936.
«Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել այս ազգը։ Սեպեցէք, թէ դարձեալ 1915 է։ Պատերազմ կայ աշխարհին մէջ։ Քանդեցէ՛ք Հայաստանը։ Տեսէք, եթէ կրնաք ընել այդ մէկը։ Իրենց տուներէն հանեցէք ու անապատ ղրկեցէք զիրենք։ Ձգեցէք զիրենք առանց հացի ու ջուրի։ Հրկիզեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները։ Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս անոնք պիտի վերապրին։ Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս նորէն պիտի խնդան։ Տեսէք թէ ինչպէս ազգը նորէն պիտի ապրի, եւ երբ անոնցմէ երկուքը հանդիպին գինետան մը մէջ, քսան տարի ետք, տեսէ՛ք ինպէս պիտի խնդան ու խօսին իրենց լեզուով։ Համարձակեցէք, տեսէ՛ք եթէ կրնաք բան մը ընել։ Տեսէք եթէ կրնաք արգիլել իրենց աշխարհի մեծ գաղափարները ծաղրելէ, դուք՝ շուն լակոտներ, աշխարհի վրայ քանի մը հայեր իրարու հետ կը խօսին աշխարհի մէջ, համարձակեցէք եւ փորձեցէք բնաջնջել զանոնք»։
Կրնա՞յ ըլլալ, որ թուրք դեսպանը կը փորձէ նուաստացնել զիս, որովհետեւ բազմիցս մերժած եմ իրեն հետ հանդիպելու իր շարունակական հրաւէրները եւ զիս սիրաշահելու փորձերը։ Եթէ երբեք մխիթարութիւն մը պիտի ըլլայ այս նորելուկ կամ անփորձ դիւանագէտին համար, ըսեմ, որ ես չեմ խաբուած նոյնիսկ իր վերադասներուն կողմէ, որոնք շատ աւելի փորձառու են հայ գործակիցներ որսալու արուեստին մէջ:
Յարութ Սասունեան
«ՔալիՖորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր