Այս Էջը կը նուիրեմ բոլոր հայ մայրերուն:
Ամբողջ տարի մը անհամբեր կը սպասենք այս օրուան։ Մեր ամէնէն շատ սիրած էակին գեղեցիկ տօնը։ Գարնանային ծաղկման եւ բնութեան զարթնումին հետ միասին կը հասնի նաեւ բարի, պայծառ եւ լուսաւոր տօն մը՝ Մայրերու Օր։
Բոլոր ժողովուրդները եւ ազգերը իրենց սովորութիւններով կը մեծարեն Մայրը։ Ահա հասած է այդ օրը։ Իրականութեան մէջ ամէն օր մեզի համար մայրերու Օր է, որովհետեւ ամէն օր կը սիրենք եւ կը գուրգուրանք իրենց: Սակայն Մայիսի երկրորդ Կիրակին պաշտօնապէս նշանակուած է տօնակատարութեան համար: Ամէն մարդ այդ օրուան անսահման ուրախութեամբ եւ անձկութեամբ կը սպասէ։ Նուէրներու մասին կը մտածեն եւ լաւագոյնս տօնելու համար շատ ծրագիրներ կը մշակեն։ Ուրեմն ի՞նչ ընենք այդ օրը: Ահաւասիկ ձեզի առաջարկներու շարք մը, որ վստահաբար պիտի նպաստէ ձեր ծրագիրներուն իրագործման եւ լաւագոյն Մայրերու Օրը տօնելու համար։
1- Իրագործեցէ՛ք «արտասովոր» արձակուրդ մը: Կրնաք կարգ մը պարզ կարգադրութիւններով հայկական համ ու հոտով պտոյտ մը կազմակերպել, ուր ներկայ են հայկական ճաշատեսակները, երգն ու պարը: Մօտակայ հանրային պարտէզ մը, ուր կարելի է երկինքին տակ հայկական տոհմիկ «քէֆ»ը յաջողեցնել։
2- Կարելի է ստեղծել տնային շարժապատկերի մթնոլորտ, դիտելով մայրիկին հետ ունեցած ձեր հին պատկերները: Անոնք կրնան հաճելի յիշատակներ արթնցնել ձեր մէջ:
3- Ընտանիքին կեանքին մէջ գտէք ծիծաղաշարժ երեւոյթներ ու դէպքեր: Երեկոն միասին անցնելով, փորձեցէք վերյիշել եւ գրի առնել ընտանեկան կեանքէն ներս գոնէ անցնող տարուան ընթացքին տեղի ունեցած ծիծաղաշարժ ու հաճելի երեւոյթներն ու պատահարները: Այսպիսով երջանիկ պահեր պարգեւած կ՛ըլլաք ձեր մայրիկին:
4- Երաժշտութեամբ պայծառացուցէք ձեր ընտանեկան մթնոլորտը: Երաժշտութեան կախարդող ներգործութիւնը ամբողջութեամբ պիտի թարմացնէ ձեր եւ ձեր մայրիկին տրամադրութիւնը: Քանի մը տարեկան երեխաները կրնան իրենց գիտցած երգերը իրենց գիտցած ձեւով երգել մայրիկին համար՝ թռիչք պարգեւելով անոր հոգիին:
5- Մայրերու Օրը շատ իմաստալից կ՛ըլլայ ամուսինին եւ զաւակներուն կողմէն կնոջ կամ մօր պարգեւել այն ինչ, որուն կարիքը ունի: Ցանկը երկար է, բայց կարելի է յիշել հետեւեալները.-
* Մայրիկին ազատ ժամանակ պարգեւել:
* Առաւօտեան մինչեւ ուշ ժամերը քնանալու առիթ ստեղծել մայրիկին:
* Քոյրիկ-աղբարիկ «կռիւները» յետաձգել մինչեւ յաջորդ օրը:
* Որեւէ բան, որուն կարիքը ունի մայրիկը՝ ձեր կարծիքով:
6- Ծաղիկներ ցանեցէք կամ նոյնիսկ ծառ տնկեցէք ձեր մայրիկին համար: Եթէ ձեր տունը օժտուած է պարտէզով, կարելի է այդ օրը մայրիկին սիրած ծաղիկի տեսակը ցանել: Կարելի է նոյնիսկ ծառ մը տնկել եւ յետագային անոր տուած իւրաքանչիւր պտուղին հետ անգամ մը եւս յիշել կամ պատուել մայրիկը: Պարտէզին մէջ երեխաները կրնան քաղցր խօսքեր գրել մայրիկին՝ հողին վրայ:
7- Մայրերը իրենց կարգին կրնան նախաձեռնել հետեւեալը: Հաւաքեցէք երեխաները եւ իւրաքանչիւրին ձեռքերն ու ոտքերը թաթխեցէք ոչ-թունաւոր այլազան գոյներով ներկերու մէջ, ապա թելադրեցէք իրենց, որ գունաւոր ձեռքերն ու ոտքերը դրոշմեն մեծ պաստառի մը վրայ: Իւրաքանչիւրը կրնայ իր դրոշմներուն կողքին բարի մաղթանք մը գրել մայրիկին: Եթէ նման բան մը ընէք յաջորդ տարի եւս, պիտի տեսնէք, թէ կարգ մը ձեռքեր եւ ոտքեր որքա՜ն մեծցած են:
8- Օրուան պատշաճ բացիկի մը մէջ՝ բանաստեղծութիւն մը նուիրեցէք ձեր մայրիկին:
9- Վերջապէս ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել մայրերու օր առանց ամուր «փաթթուկներու» կամ տաքուկ եւ համովիկ «պաչիկներու»:
—————————————————————————————————————————————-
Մեծերը Ինչպէ՞ս Գովերգած Են Մայրերը
Բոլոր բանաստեղծները երգած են իրենց մայրերուն մասին: Մայրերը նաեւ յաճախ երգած են իրենց թանկագին զաւակներուն համար: Երեխան ծնած օրէն իսկ կը լսէ իր մօր օրօրը ու այդպէս կը հանգստանայ: Օրօրները շատ են ու այլազան: Անոնցմէ ամէնէն շատ երգուածը Քամառ-Քաթիպայի բանաստեղծութիւնն է, որ Բարսեղ Կանաչեանի յօրինումով դարձած է հայ մայրերուն անուշիկ օրօրը:
Քուն եղիր բալաս, աչերդ խուբ արա՛
Նախշուն աչերուդ քուն թող գայ վրայ:
Օրօր իմ բալաս, օրօր ու նանի,
Իմ անուշիկիս քունը կը տանի:
Դուն ալ քուն եղիր, ինծի ալ քուն տո՛ւր,
Սուրբ Աստուածամայր, անուշիս քուն տո՛ւր:
Օրօր իմ բալաս, օրօր ու նանի,
Իմ անուշիկիս քունը կը տանի:
Յովհաննէս Շիրազ այսպէս կÿըսէ մօր մասին.-
Հազար ու մի սիրտ բացեցի,
Ոչ մի անմեռ սէր չգտայ,
Ծովից խորունկ սէր զգացի,
Երբ մայրիկիս սիրտը մտայ:
Մօր սրտում է Աստուած քնած՝
Լոկ մօր սրտի մէջ է զարթնում,
Աւաղ, առանց Աստուծոյ մնաց
Իմ որբ կեանքը՝ անյոյս մթնում:
Իսկ մեծանուն Վիքթոր Հիւկոն հետեւեալ խօսքը ըսած է մօր համար.
«Մայրական ձեռքերը մարմնացած քնքշութիւն են: Մանուկները ամէնէն աւելի այդ ձեռքերուն վրայ է, որ կը քնանան»:
Վիպասան Ալեքսանտր Տիւմա այս կարծիքը կը յայտնէ մայրերուն մասին. «Մայրերը աշխարհ եկած են, միշտ ներելու համար»:
Իսկ մենք հաւանաբար չկարենանք բանաստեղծել ինչպէս Շիրազն ու Հիւկոն, բայց կրնանք մեր անկեղծ ժպիտներով եւ տաքուկ համբոյրներով ու ամէնէն կարեւորը՝ բարի վարմունքով շատ բան արտայայտել այն էակին, որուն կը պարտինք մեր էութեան եւ ինքնութեան հիմնական մասնիկները:
Մայրերը մեզի կրնան վարժեցնել ամէն ինչ, որ Աստուածային է: Իրենց սեփական օրինակով կը դաստիարակեն եւ անշահախնդիր սիրոյ ամէնէն փաստացի երաշխիքը կու տան մեզի: Սիրելով կը խօսին, սիրելով կը բացատրեն, սիրելով կը խնամեն, սիրելով կը դաստիարակեն եւ նոյնիսկ սիրելով կը պատժեն:
Սիրելի՛ մայրեր, երախտապարտ ենք…