ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Մայիս 3ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Պրազիլի յոյն ուղղաբար առաջնորդ Երեմիայի: Պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէր «Ճշմարիտ կեանք Աստուծմով» միջ-եկեղեցական շարժումը եւ անոր մաս կը կազմէին Յունաստանէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Պրազիլէն եւ Ամերիկայէն նոյն շարժումին ներկայացուցիչներ:
Պատուիրակութեան անդմաները վեհափառին պարզեցին հետզհետէ նոր ծաւալ ստացող իրենց շարժումին հիմնական նպատակը, որ քրիստոնէական միութիւնն է: Անոնք յայտնեցին, որ այս ուղղութեամբ իրենք գործի լծուած են ու այցելութիւններու, հանդիպումներու, ձեռնարկներու եւ հրատարակութիւններու ճամբով, անոնք կը շեշտեն քրիստոնէական միութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ողջունելով յիշեալ շարժումին աշխատանքը՝ վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ եկեղեցւոյ միութեան հասկացողութեան եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն: Այս ծիրէն ներս, կաթողիկոսը յատկապէս ընդգծեց դաւանական միաձայնութենէ անդին ժողովուրդի կեանքին մէջ միութիւնը ապրելու ու արտայայտելու հրամայականը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.