ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Կազմակերպութեամբ Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու շրջանի հայկական այլ կազմակերպութեանց, Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, Լաս Վեկասի Քրիստոսի լուտերական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկը, որուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ 1915էն ետք հայ ժողովուրդի իրագործումներուն վրայ: Ձեռնարկին ներկայ էին նահանգին հարաւային շրջաններու քոնկրեսական ամբողջական պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելի քան 400 հայորդիներ:
Ելոյթներ ունեցան ծերակուտական Ճան Էնսայն, քոնկրեսական Շելի Պըրքլի, իսկ Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտ, տեսաերիզով մը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ քոնկրեսական Տինա Թայթըսի եւ նահանգապետ Ճիմ Կիպընզի գրասենեակներէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Վեկասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Լուիս Թարխանեան, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հռչակագիր մը յանձնեց:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ծերակոյտի թեկնածու Տենի Թարխանեան, որ կը փորձէ դառնալ Միացեալ Նահանգներու առաջին հայ ծերակուտականը, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր «Մաշտոց» քոլեճի տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.