ԼԱ ՀՈՅԱ.- Սան Տիէկոյի Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ շրջանի հայկական այլ կազմակերպութեան հետ, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շարք մը նախաձեռնութեանց դիմած էր:
Ոգեկոչման գլխաւոր ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 23ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի մասնաճիւղին գլխաւոր սրահին մէջ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան իրաւաբան Մարք Կիրակոս, համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Կերշոն Շաֆիր, քոնկրեսական Պապ Ֆիլնըրի ներկայացուցիչ մը եւ համալսարանի շրջանաւարտներէն Նիք Վարդանեան: Աւարտին, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Տաթեւ Թաթուլեան առաջնորդեց մոմավառութեամբ հսկումը:
Համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւնը ոգեկոչման ձեռնարկին նախորդող շաբթուան ընթացքին, գործակցութեամբ համալասարանի այլ ուսանողական միութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան եւ 20րդ դարու այլ ցեղասպանութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ամբողջ համալսարանի ուսանողութեան:
Նաեւ, Ապրիլ 19ին, Սան Տիէկոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ եւ այլ հայորդիներ ներկայ եղան համալսարանին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովի մը՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հրէական ողջակիզման: Ձեռնարկը կազմակերպողներէն մէկն էր համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.