ԱՊՀ երկիրներու եւ ուժանիւթի հարցերով եւրոպացի փորձագէտ Ալեքսանտր Ռար ատրպեճանական «1news.az»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անուղղակիօրէն յայտնած է, թէ Պաքու գլխաւոր խոչընդոտն է Եւրոպայի ուժանիւթի պաշարները ապահովելու ջանքերուն դիմաց:
Ան նշած է, թէ հակառակ անոր, որ Արեւմուտքը չյաջողեցաւ այս հանգրուանին բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը, սակայն ան ետքայլ պիտի չընէ եւ պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել սահմանի բացման ուղղութեամբ։ «Խնդիրը միայն հայ-թրքական սահմանը չէ։ Եւրոպական Միութիւնն ու Արեւմուտքը Թուրքիոյ միջոցով կ՛ուզեն ազդել հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վրայ եւ այդ պատճառով պիտի շարունակեն աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։ Հայ-թրքական սահմանի բացումը կը բխի համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ շարք մը կարեւոր դերակատարներու շահերէն։ Անոնք կ՛ուզեն, որ ուժանիւթի փոխադրութեան միջանցքները հարաւային Կովկասէն անցնին դէպի Թուրքիա եւ Եւրոպա։ Այդ պատճառով, այս հարցը օրակարգէն պիտի չհանուի», ըսած է Ռար։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հայ-թրքական սահմանի բացման հարցին մէջ արդեօք հաշուի պիտի առնուի՞ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը՝ փորձագէտը յայտարարած է. «Միակ երկիրը, որ կը պահանջէ իրարու շաղկապել այդ երկու գործընթացները Ատրպէյճանն է։ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները կը նախընտրեն այլ ուղի։ Անոնք կը փափաքին, որ սահմաններու բացումով տարածաշրջանին մէջ սկսի ջերմացում, սառցահալ ու երկու ժողովուրդներուն միջեւ գերիշխէ բարեկամութիւնը: Այդ պարագային կարելի պիտի ըլլայ տագնապը լուծել աւելի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Կը կարծեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը նորէն պիտի փորձէ սեղանի շուրջ նստեցնել Հայաստանն ու Թուրքիան»։
Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու յայտարարութիւնները՝ Ռար ընդգծած է. «Արեւմուտքը ընդհանրապէս դէմ է հակամարտութիւններու ռազմական միջոցներով լուծելու ընտրանքին ու կը նախընտրէ խաղաղ տարբերակը, նոյնիսկ եթէ այդ ընտրանքը տեւէ տարիներ, իսկ որոշ պարագայի՝ տասնամեակներ։ Լաւագոյն օրինակը Գերմանիան է, որ իր վերամիաւորման սպասեց 45 տարի»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.