ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութիւնը համաձայն գտնուած է իր եւ Իրանի միջեւ հիւլէական հարցով միջնորդելու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի առաջարկին, որուն շնորհիւ երկու կողմերու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քաթրին Աշթըն պատրաստակամութիւն յայտնեց իրանցիներու հետ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու: Աշթընի բանբերը նշեց, որ իրանցիներու հետ հանդիպման թուականը ցարդ չէ ճշդուած, եւ Միացեալ Նահանգները համաձայն գտնուած է նման բանակցութիւններու կայացման գծով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.