ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Չորեքաշբթի օր յայտարարեց, թէ Հիւսիսային Քորէա-Սուրիա-Իրանը «չարիքի նոր առանցք» է, աւելցնելով, թէ Դեկտեմբերին Պանքոքի մէջ գրաւուած հիւսիսային քորէական զէնքերը պիտի հասնէին «Համաս»ի եւ «Հըզպալլա»ի։ Լիպըրմըն Ճափոնի մէջ յայտնեց, որ վերոնշեալ երեք երկիրները սերտօրէն կը համագործակցին եւ աշխարհի ապահովութեան մեծագոյն սպառնալիքը կը հանդիսանան, որովհետեւ անոնք զանգուածային աւեր պատճառող զէնքեր կ՛արտադրեն եւ կը տարածեն։ 2002ին, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ օգտագործած էր «չարիքի առանցք» արտայայտութիւնը, նկատի ունենալով Հիւսիսային Քորէան, Իրաքն ու Իրանը։
Յատկանշական է, որ իր այս ծանր ամբաստանութիւնները հաստատելու համար ոչ մէկ հիմնաւորում ներկայացուց:
Նաեւ հետաքրքրական է, որ այս բոլոր ամբաստանութիւնները կու գան երկրէ մը, որ տասնմեականերէ ի վեր կ՛անտեսէ պաղեստինեան, սուրիական եւ լիբանանեան գրաւեալ հողերէն հեռանալու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները, եւ ուր կը պահուի Միջին Արեւելքի մէջ հիւլէական հրթիռներու միակ պահեստը: