ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նորընտրիր նախագահ Մեւլեթ Չաւուշօղլու իր պաշտօնավարման առաջին օրէն մտահոգիչ արտայայտութիւններով հանդէս եկած էր՝ ատրպեճանամէտ ու հակահայ կողմնակալ կեցուածքը թաքցնել իսկ չփորձելով:
Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Չաւուշօղլու ԵԽԽՎի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք յայտարարեց, որ Ղարաբաղի հարցով կ՛ուզէ վերականգնել ԵԽԽՎի ենթայանձնաժողովի աշխատանքը: Ան նոյնիսկ «անձնազոհաբար» իր վճռականութիւնը յայտնած էր նախագահելու այդ յանձնաժողովին, որուն վերականգնումը պարզապէս միջոց մը պիտի դառնայ Մինսկի խումբի հեղինակութիւնը նսեմացնելու եւ զայն այլ միջազգային մարմիններով փոխարինելու:
Հասկնալի է, որ Անթալիոյ շրջանէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած «երոպացի» պաշտօնատարի անցեալի կեցուածքները չեն, զորս լուսարձակի տակ բերել կ՛ուզենք: Իբրեւ իր երկրի ու անոր ազգակից-դաշնակից Ատրպէյճանի շահերու պաշտպան, Չաւուշօղլուէն կարելի է սպասել, որ իր գրաւած աթոռէն հերքէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ու Խոջալուի դէպքերը բնութագրէ իբրեւ հայերու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւն:
Թէ քաղաքական նման անձնաւորութեան մը Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ ընտրութեան դէմ հայկական քառանդամ պատուիրակութիւնը վարագոյրի ետեւ կամ առջեւ ի՞նչ աշխատանք տարած է՝ տեղեակ չենք: Բացայայտօրէն հակահայկական օրակարգ հետապնդող թուրք նախագահի մը հետ երկու տարի աշխատելու գաղափարին համակերպիլ ալ կարելի չէ: Այս մարդը ամէն առիթ պիտի օգտագործէ՝ իր պաշտօնին ու դիրքին պարտադրած բարոյական չափանիշները մէկդի նետելով, յատկապէս՝ ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ արցախցիներուն վնաս հասցնելու համար:
Կը մնայ շարունակ ահազանգել անոր կողմնակալութիւնը եւ փորձել զինք զրկել Հայաստանի ու Ղարաբաղի հարցերով զբաղուելու հնարաւորութենէն: Հայկական պաշտօնական ընդդիմութիւնը չէզոքացնելու համար թուրք ճարպիկ դիւանագէտը կը փորձէ սիրաշահիլ Հայաստանի իշխանութիւնները՝ անոնց «Ժողովրդավարական եւ հակա-կաշառակերութեան» բարենիշներ շռայլելով: Կը թուի, թէ այս հանգրուանին Չաւուշօլու որոշ յաջողութիւն արձանագրած է Հայաստանի ղեկավարներուն մօտ, որոնք կը փորձեն արդարացնել անոր Ծիծեռնակաբերդ չայցելելու քայլը՝ այցելութեան կարգավիճակը փոխելու ծածկոյթը ընձեռելով անոր: