ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Շուտով կը փակուի «Two Lips» խանութներու ցանցի վերջին խանութը, որուն պատճառը, ըստ սեփականատէր, լոսանճելըսահայ Նազարէթ Դինքչեանի, «մէջք չունենալ»ն է։ «Մենք պարզապէս, ինչպէս ասում են՝ մէջք չունենք: Թէեւ բոլոր վճարումները կանոնաւոր կատարում ենք», յայտնած է ան: Նշենք, որ այս խանութներուն մէջ կը վաճառուին հայկական եւ ամերիկեան արտադրանքի կօշիկներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.