ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Դոկտ. Թաներ Աքչամ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին թուրք գիտնականներէն է, անցեալ շաբաթ երկու կարեւոր ելոյթներ ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Պատմական ուսումնասիրութեանց հիման վրայ, ան վերլուծեց Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման հիմքերը եւ լուծումներ առաջարկեց՝ անոր պաշտօնական ճանաչման համար:
6 Մայիսին, փրոֆ. Աքչամ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Էնսինոյի «Վելի Պեթ Շալոմէ»ի մէջ, նախքան դոկտ. Ճէյ. Մայքըլ Յակոբեանի՝ Ցեղասպանութեան նուիրուած «Գետը կարմիր կը հոսէր» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Կարճ ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ռաբբիներ Հարոլտ Շուլուայս եւ Էտուարտ Ֆինշթայն, «Ճըուիշ Ուորլտ Ուա»չ կազմակերպութեան նախագահ Ճենիս Քամընիր-Ռեզնիք եւ ցեղասպանութենէն վերապրած 96ամեայ դոկտ. Յակոբեանը:
«Քլարք» համալսարանի պատմութեան դասախօս եւ նոյն համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի նախագահ դոկտ. Աքչամ բացատրեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի գլխաւոր պատճառը Հանրապետութեան առաջին իսկ օրէն՝ 1923 թուականէն, «զինուորական եւ քաղաքացիական դիւանակալութեան» շարունակականութիւնն է, որ կ՛իշխէր Թուրքիոյ մէջ: Հիմնադիրները հասարակութեան այն ժամանակուան ցեղային-մշակութային բազմազանութիւնը կը դիտէին իբրեւ պետութեան յարատեւութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող հարց»:
Դասախօսը յատկապէս յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուցած Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարներէն Հասան Ֆեհմի Պէյը, որ 1920 թուականին խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթով մը խոստովանեցաւ, որ իր խմբաւորումը կը գիտակցի, թէ հայ ժողովուրդի բնաջնջումին համար միջազգային հանրութեան կողմէ պիտի արժանանայ «մարդասպաններ» անունին: Սակայն ան ընդգծեց, որ իր կուսակցութեան ղեկավարները պատրաստ են «մարդասպաններ» կոչուելու, քանի որ անոնց նպատակը «հայրենիքի ապագան» ապահովելն է:
Դոկտ. Աքչամ, 7 Մայիսի իր երկրորդ ելոյթին, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի հայկական իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ, Ալթատենայի մէջ, տեղեկացուց, թէ վերջերս բացայայտուած «Էրկենեքոն» ոճրագործ խմբաւորումը, որուն կ՛աջակցէր թրքական բանակը, կազմած էր հինգ հոգինոց ցուցակ մը՝ ներառելով լրագրող Հրանդ Տինքը, Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքն ու անձամբ զինք, եւ նախատեսած էր սպաննել բոլորը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելու համար: Անոնք մահուան դատապարտուած էին իբրեւ «Ազգային անվտանգութեան թշնամիներ»:
Աքչամի կարծիքով, ասիկայ ոչ միայն առանձին ահաբեկչական խմբաւորումի մը խաթարուած մտածելակերպն է, այլ նաեւ՝ Թուրքիոյ օրինական կառոյցներուն: 2007 թուականին, Թուրքիոյ մէջ երկու հայ լրագրողներ դատապարտելու ընթացքին, դատաւորը վճիռ արձակեց, որ «ցեղասպանութեան մասին խօսակցութիւնները, ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ այլ երկիրներու մէջ անբարենպաստ ազդեցութիւն կը ձգեն ազգային անվտանգութեան եւ ազգային շահերուն վրայ: Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջքը… դարձած է յատուկ ծրագիրի մէկ մասն ու միջոցը, որուն նպատակն է փոփոխութեան ենթարկել Թուրքիոյ աշխարհագրական եւ քաղաքական սահմանները… Եւ արշաւ մըն է՝ քանդելու անոր ֆիզիքական եւ իրաւական հասարակարգը»: Այնուհետեւ դատավճիռին մէջ կը նշուէր, թէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը կը գտնուի «թշնամական դիւանագիտական պաշարման մէջ՝ բաղկացած Ցեղասպանութեան բանաձեւերէն… Այս պահանջքին կատարումը յաջորդ դարերուն, հարցականի տակ պիտի դնէ Թուրքիոյ հանրապետութեան ինքնիշխանութեան իրաւունքները այն հողերուն նկատմամբ, ուր, ըստ պնդումներուն, տեղի ունեցած են այդ իրադարձութիւնները»:
Միացեալ Նահանգները, ըստ Թաներ Աքչամի, կը խուսափի Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալէ՝ Միջին Արեւելքի մէջ ազգային անվտանգութեան միեւնոյն թիւր մտահոգութեան պատճառով: Ան նշեց, որ «բարոյականութիւնը շատ իրական հարց է եւ որպէսզի «ռիլփոլիթիք»ը շրջանին մէջ յաջողութեան հասնի, տուեալ պարագային բարոյական արժէքները, մասնաւորապէս՝ պատմական մեղքերու ճանաչումը, պէտք է ընդգրկել ազգային անվտանգութեան քաղաքականութեան մէջ… Շրջանի անապահովութեան եւ անկայունութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը սեփական պատմութեան առջեւ դէմ առ դէմ ազնուօրէն կանգնելէ խուսափիլն է»:
Աքչամ բացայայտեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Թուրքիոյ ղեկավարները, որոնց շարքին՝ Մուսթաֆա Քեմալ, ճանչցած են հայկական ջարդերը եւ կողմնակից եղած են մեղաւորներու դատապարտման, նպատակ հետապնդելով ձեռք բերել դաշնակիցներուն աջակցութիւնը՝ Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար:
Սակայն, Թուրքիոյ ղեկավարներուն այս զոյգ յոյսերը ի դերեւ ելան: 1920 թուականի Սեւրի դաշնագիրով կոչ ուղղուեցաւ մասնատելու Օսմանեան կայսրութիւնը, իսկ Պոլսոյ ռազմադաշտային դատարանը այն ժամանակ հեռակայ կարգով մահուան դատապարտեց Թուրքիոյ ազգային ղեկավարութիւնը, ներառեալ՝ Մուսթաֆա Քեմալը:
Աքչամ նշեց, որ մինչեւ օրս, թրքական մտածելակերպով, ժողովրդավարացումը, խօսքի եւ մտքի ազատութիւնը, պատմութեան եւ անցեալի պատմական սխալներուն վերաբերեալ բաց եւ անկեղծ քննարկումները կը դիտուին իբրեւ սպառնալիք՝ ազգային անվտանգութեան համար: Ուստի անոնք, որոնք հասարակութիւնը կը հրաւիրեն մասնակցելու անցեալի բաց քննարկումներուն, «դաւաճան»ի պիտակ կը ստանան եւ դառնան զրպարտչական յարձակումներու թիրախ. զանոնք կը քաշքշեն դատարաններ եւ գործ կը յարուցեն Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածով՝ «թրքութեան հայհոյած» ըլլալուն համար:
Աքչամ զգուշացուց Միացեալ Նահանգները, որ որեւէ քաղաքականութիւն, որ «կ՛անտեսէ բարոյականութիւնն ու մոռացութեան կու տայ պատմական մեղքերը, վերջ ի վերջոյ դատապարտուած է ձախողութեան»: Ան կը գտնէ, որ Թուրքիոյ պէտք է հասկցնել, որ «ուրիշները ահաբեկելն ու անոնց սպառնալը միջազգային դերակատարի վարքագիծ չէ: Թուրքիա չի կրնար ազգային անվտանգութեան քօղին տակ, շարունակ ճնշումի նոյն ներքին քաղաքականութիւնը վարել սեփական պատմութեան եւ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, եւ չի կրնար սպառնալ այլ երկիրներու՝ 1915ի մասին իրենց կարծիքը արտայայտելուն համար, եւ միեւնոյն ժամանակ չի կրնար յաւակնիլ աշխարհի ժողովրդավարական երկիրներուն շարքին ըլլալ: Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան բացայայտ եւ պաշտօնական ճանաչումը պիտի ստիպէր Թուրքիան հասկնալ, որ այլ պետութիւնները շանթաժի ենթարկելն ու անոնց սպառնալը, ինչպէս նաեւ իր իսկ մտաւորականներուն նկատմամբ ճնշումն ու հետապնդումը պիտի չյանգեցնեն պատմական հիմնախնդիրներու եւ անվտանգութեան հարցերու լուծման:
7 Մայիսի դասախօսութենէն ետք փոքր հաւաքոյթի մը ընթացքին, Աքչամ առաջին անգամ ըլլալով բացայայտեց տագնապալի միջադէպ մը, որ տեղի ունեցած էր 1995 թուականին, Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր ելոյթէն ետք: Վերջին պահուն զգուշութենէ մեկնելով՝ ան որոշած էր ներկայացնել նախատեսուած ելոյթի աւելի մեղմ տարբերակ: Վերադառնալով Պոլիս՝ Աքչամ անակնկալի եկած էր, երբ թրքական ոստիկանութիւնը անոր հետ հարցուփորձ կատարած էր՝ ցոյց տալով ելոյթին աւելի կարծր տարբերակը: Իր ելոյթին բնագիրը ան յանձնած էր հայ պաշտօնեաներուն, Ցեղասպանութեան խորհրդաժողովի կազմակերպիչներուն, իսկ Հայաստանի մէջ մէկը այդ բնագիրը հասցուցած էր թրքական իշխանութիւններուն: Դոկտ. Աքչամ կրցած էր գլուխը ազատել թրքական հետախուզութենէն՝ ցոյց տալով ճառին աւելի մեղմ պատճէնը, զոր իրականութեան մէջ ալ արտասանած էր:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
հրատարակիչ եւ խմբագիր