Ուրբաթ, Մայիս 14ին եւ Շաբաթ, Մայիս 15ին, Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 38րդ նստաշրջանը պիտի գումարուի Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։
Օրակարգի վրայ են մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ առհասարակ ազգային կեանքի տարբեր կալուածներուն մէջ տարուող աշխատանքներուն ընթացքն ու արդիւնքը: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան նոր կազմերու ընտրութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Wishing the 38th annual General Assembly meeting great success in their future ventures.