
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արդէն իսկ աշխատանք կը տարուի Հոկտեմբեր 24ին, յայտնի յօրինող եւ խմբավար Էտուարտ Հօշարեանի մահուան քսանամեակին առիթով կայանալիք ձեռնարկին գծով, որ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի «Զիփըր» սրահին մէջ եւ որուն ընթացքին պիտի ներակայացուին Էտուարտ եւ անոր զաւակ՝ Կրեկըրի Հօշարեաններու, ինչպէս նաեւ այլ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները:
Էտուարտ Հօշարեանի յիշատակը վառ պահելու համար, նաեւ որոշուած է կրթանպաստի հիմնադրամ մը հաստատել՝ նեցուկ կանգնելու համար երաժշտութեան մարզին մէջ մասնագիտականալ փափաքող հայորդիներուն: Վերոյիշեալ ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի այդ հիմնադրամին:
Անոնք, որոնք կը փափաքին հովանաւորել սոյն ձեռնարկը կամ աջակցիլ հիմնադրամին, կրնան կապ հաստատել Վիքի Սիմոնեանի հետ, (562) 505-5412 թիւով, իսկ 2010-2011 կրթական տարեշրջանին համար կրթանպաստներու դիմումները արդէն իսկ տրամադրելի են www.edwardhosharian.com համացանցային կայքին վրայ: