ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Մայիս 20ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ քաղաքական լրագրող Մըրիէլ Միրաք Ուայսպախի «Through the Wall of Fire: Armenia-Iraq-Palestine from Wrath to Reconciliation» հատորին ներկայացումը: Մուտքը ազատ է:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է գրադարանին ու «Ապրիլ» գրախանութին համատեղ ջանքերով:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ (818) 548-3288 թիւով կամ Egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով, կամ Առնօ Երեցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով:

Գրադարանին հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205: