ԹԸՐԼԱՔ, Քալիֆորնիա.- Կաթնեղէնի արտադրութեանց հայկական «Գարուն» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ուիսքանսընի մէջ տեղի ունեցած 2010ի Պանիրի համաշխարհային մրցանքին ընթացքին կրցած է երեք մետալներ շահիլ բնական միջոցներով եւ միջերկրականեան ոճով իր արտադրած պանիրներուն համար:
Ընկերութիւնը երկու ոսկի մետալներ շահած է իր «Միքոնոս» եւ «Փանիէլա» պիտակով պանիրներուն համար, իսկ պրոնզ մետալ մը՝ իր համեմուած «Պասքեթ ֆեթա»ին համար:
«Գարուն»ը այսպիսով խլած է Քալիֆորնիոյ բոլոր պանիրի ընկերութեանց շահած չորս ոսկի մետալներուն կէսը, ինչ որ յոյժ տպաւորիչ երեւոյթ մըն է:
Յայտնենք, թէ աւելի քան 20 երկիրներէ եւ 30 նահանգներէ պանիրի ընկերութիւններ մասնակցած էին մրցանքին՝ ներկայացնելով աւելի քան 2300 տեսակի պանիրներ:
«Գարուն»ը ինքնին միջազգային պատմութիւն մը ունի, որովհտեւ հիմնուած է 1990ին, Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած Պաղտասարեան ընտանիքին կողմէ. յամեստ պայմաններու տակ ու կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ դարձած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին պանիր արտադրող ամենաորակաւոր ընկերութիւններէն մէկը՝ հրամցնելով միջերկրականեան, հնդկական, մեքսիքական, միջին արեւելեան պանիրներ՝ պատրաստուած բնական պայմաններու մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.karouncheese.com համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
The Kaprielian family would like to congratulate Karoun Dairy and the Baghdassarian family on their recent Gold Medals. May you continue to grow and flourish in your future endevours.