ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ պետական նախարար ու Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ Հինգշաբթի, Մայիս 13ին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկասի կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին ընթացքին մէկտեղուեցաւ Թուրքիոյ կրօնական առաջնորդներուն հետ։ Ընթրիքին մասնակցեցան հրեաներու կրօնապետ Հալեւի, Պոլսոյ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազան, ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին, ասորի կաթոլիկներու պատրիարքի փոխանորդ Եուսուֆ Սաղ, Պոլսոյ միւֆթիի տեղակալ Մեհմետ Աշըք, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ։
Պաղըշ իր ելոյթին մէջ անգամ մը եւս ընդգծեց, թէ ցեղային տարբերութիւնները այս երկրին հարստութիւնը կը կազմեն։ Ան անդրադարձաւ վարչապետ Էրտողանի ստորագրութեամբ հրատարակուած շրջաբերականին ու ըսաւ, որ շատ կարեւոր կը նկատէ զայն։ «Ասիկա, Պոլսոյ գրաւումէն ետք Ֆաթիհ սուլթան Մեհմետի կողմէ հրատարակուած շրջաբերականին նման դիտել կու տայ, որ փոքրամասնութիւնները այսօր ալ հարստութիւններ են մեր երկրին համար։ Վերջին 7 տարիներու ընթացքին հակառակ ընդդիմադրութեանց, բաւական կարեւոր փոփոխութիւններ իրականացան փոքրամասնութիւններու ի նպաստ, բայց տակաւին կան հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին», ըսաւ Պաղըշ եւ յիշեցուց, որ անցեալին պատահած են անհաճոյ դէպքեր, ինչպէս՝ Սեպտեմբեր 6-7ի դէպքերը, ունեւորութեան տուրքը, Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, եւ ժամանակն է, որ երկիրը դաս քաղէ անոնցմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.