ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թրքական «Զաման» թերթը Ուրբաթ, Մայիս 14ին կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքական վեց միութիւններու համագործակցութեամբ մէջտեղ եկած Թուրք-Ամերիկեան դաշնակցութիւններու համախմբումը, որուն ճաշկերոյթը կազմակերպուեցաւ Չորեքշաբթի գիշեր, Ուաշինկթընի «Վիլըրտ Ինթըրքոնթինենթալ» պանդոկին մէջ։ Այս բացառիկ հաւաքին ներկայ գտնուած են Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտէն 7 անդամներ եւ Ներկայացուցիչներու տան 53 քոնկրեսականներ: Ծերակուտականներն էին՝ Ռիչըրտ Լուկըր, Ռապըրթ Քէյսի, Ֆրենք Լաութընպըրկ, Ճեֆ Պինկմըն, Ռաճըր Ուիքըր, Մարք Ուորնըր եւ Քէյ Հակըն:
Քոնկրեսականներու այս մեծաթիւ մասնակցութիւնը աննախընթաց էր թրքական կազմակերպութեանց հաւաքի մը համար։ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան եւս ներկայ գտնուեցաւ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ժամանած ութ երեսփոխաններու կողքին։ Սպիտակ տունը եւս երկու ներկայացուցիչներ ղրկած էր կալային, որուն ներկայ էին մօտաւորապէս 700 հրաւիրեալներ:
Կալայի ընթացքին բոլոր բանախօսները ընդգծեցին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները զարգացնելու կարեւորութիւնը եւ դիտել տուին, որ այսպիսի կազմակերպութիւններ կարեւոր են՝ Քոնկրեսի որոշումներուն վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունենալու տեսակէտէն:
Համախմբումի նախագահ Ֆարուք Թապան լրագրողներուն յայտնեց, թէ շատ կարեւոր կը նկատէր այսքան մեծ թիւով քոնկրեսականներու մասնակցութիւնը:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Մալաթիոյ երեսփոխան Մեհմետ Շահին ըսաւ, որ տարիներէ ի վեր Ամերիկայի մէջ թուրքերը չկրցան անհրաժեշտ չափով լոպիական աշխատանք տանիլ, որուն հետեւանքով Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերու պայքարին ընթացքին Անգարա տկար դիրքի վրայ գտնուած է:
Ամերիկացի ծերակուտականներ ու ներկայացուցիչներ դրուատալից ելոյթներ ունեցան Թուրքիոյ, թուրքերու, նախագահ Կիւլի ու վարչապետ Էրտողանի մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.