ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Մայիս 14ին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ դատապարտելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Մայիս 23ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու որոշումը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, թէ նախարարութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղը համարել Ատրպէյճանի մէկ մասնիկը, իսկ հոն հաստատուած կառավարութիւնը՝ «Հայաստանի կողմէ հաստատուած ապօրինի կառոյց մըն է»: Ըստ նախարարութեան, նման ընտրութիւններ խոտոր կը համեմատին Ատրպէյճանի եւ միջազգային օրէնքներուն, եւ կարելի չէ զանոնք արդար եւ օրինական համարել, այնքան ատեն, որ շրջանէն արտաքսուած ատրպէյճանցիները չեն վերադարձած:
Իր կարգին, Երեւան այցելող Ատրպէյճանի հողագործութեան նախարար Իսմեթ Ապասով ազդարարեց, թէ «Ատրպէյճան կրնայ այլ միջոցներու դիմել», եթէ կարելի չըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բանակցութեանց ճամբով լուծել, աւելցնելով, որ «զինուորական ընտրանքը կարելի չէ բացառել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.