Համազգայինի ընտանիքի ներկայացուցիչները համախմբուած են Լիբանան՝ գումարելու համար Միութեան գերագոյն ժողովը, որ կոչուած է քննարկելու հայ մշակոյթին եւ կրթութեան կապուած օրախնդիրները։ Խօսքը աշխարհատարած հսկայական ցանցի մասին է, որ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու վերաբերեալ զանազան երկիրներու մէջ ինքզինք դրսեւորած է ամէնէն փայլուն ձեւերով՝ գրաւելով շրջաններու ո՛չ միայն հայ մշակութասէր հասարակութեան, այլեւ՝ օտար ամենախստապահանջ հանրութեան ուշադրութիւնը:
Այն առաւելութիւնը, զոր Համազգայինը իբրեւ մշակութային-կրթական միութիւն յաջողած է ամբարել, կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ մշակութային ոլորտի գաղութային ներուժը ամենայաջող եւ ամենաներդաշնակ զուգահեռներ նախագծելով՝ յաջողած է փոխներգործօն գործընթացներու ազդեցութեան տակ զարգացնել կերպարուեստը, պարարուեստը, կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը, երաժշտութիւնը։
Ի հարկէ զուտ մշակութաբանական խնդիրներուն մասին չի կրնար ըլլալ խօսքը։ Խնդիրները հիմնովին ազգային-քաղաքական բնոյթ ունին այս պարագային. եւ եթէ կը խօսինք մշակութային քաղաքականութեան մասին, արդէն խօսքը ինքնանպատակ մշակութային կրթական զարգացումներու մասին չէ կամ սոսկ արուեստաբանական հարցերու քննարկումին չի վերաբերիր։ Համազգայինի ծնունդը, կառուցակարգումը, դպրոցներու, մամուլի, հրատարակչատուներու հիմնադրութիւնը առաջնային նպատակ կը հետապնդեն եւ իբրեւ այդպիսին կը տեղադրուին ազգային-քաղաքականութեան ընդհանուր ուղղուածութեան մէջ։
Համազգայինը յաջողած է թէ՛ կրթական, եւ թէ՛ մշակութային բնագաւառներուն պարագային պահել ժամանակի եւ անոր ստեղծած պայմաններուն նկատմամբ համընթացութիւնն ու համաքայլ կշռոյթը։ Այս բանաձեւումը աւելի պարզ կը դառնայ, երբ իբրեւ հիմնաւորում նշմարուի այն պատանի-երիտասարդ ներուժը, որ ո՛չ միայն դպրոցական կարգով, այլ նաեւ՝ երաժշտութեան, պարարուեստի, կերպարուեստի ճամբով, այսօր համախմբուած է Համազգայինի շուրջ։
Իսկ այս երեւոյթը կը տարածուի զանազան երկիրներու մէջ։ Ինչ որ հաստատել կու տայ, որ ժամանակավրէպութեան գործօնը չէ կրցած հարուածել Համազգայինը։ Շարունակականութիւնը, կառոյցներու եւ մարմիններու ինքնանորոգման մեքենականութիւնը աշխատած է հեզասահ, արդիւնաւէտ։ Թէեւ վիճակագրութիւններ կը պակսին մեզի, այսուհանդերձ, տեսանելի երեւոյթ է երիտասարդ խաւին համախմբուածութիւնը Համազգայինի զանազան միաւորներուն եւ հաստատութիւններուն շուրջ։
Այսօր բազմաթիւ են մշակութաբանական խնդիրները, մարտահրաւէրները։ Անոնցմէ են՝ սփիւռքի մէջ հայ դպրոցի իրավիճակը, հայախօսութեան պատկերը, արեւմտահայերէնի նահանջը, նոր Սփիւռքը նաեւ մշակութային հարթութեան վրայ համախմբելու, կազմակերպելու հրամայականը, թրքական մշակութային թափանցումներուն դէմ այլընտրանքային ուղիներ որոնելու անհրաժեշտութիւնը, գրական-մշակութային մամուլի պարզած պատկերը, Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կամուրջներու կառուցումը, կանոնակարգումը, համագործակցութեան նոր տարողութիւններու ապահովումը:
Ընդհանուր նոր հայեցակարգի մը մշակման խնդիրը ինքզինք զգալի կը դարձնէ հետզհետէ։ Հայրենի պետութիւնը իր գործառոյթներուն ներառած կը թուի ըլլալ Սփիւռքի մշակութային խնդիրներն ու սփիւռքեան կառոյցներու հետ համագործակցութեան նոր դաշտի ձեւաւորման ծրագիրներու նախագիծերը։
Առարկայական բոլոր պատճառները կան, որ սփիւռքի կրթամշակութային հարցերու իրազեկման, խնդիրներու յաղթահարման նպատակով ուղիներու որոնման եւ համագործակցութեան ծաւալման համար հայրենի պետութեան համապատասխան մարմինները առաջնային կարգով նկատի ունենան Համազգայինի կազմակերպութիւնը՝ իր անցած ուղիով, ամբարած փորձառութեամբ, հաւաքագրած մարդուժով, արհեստավարժ գործելաձեւով, իրականացուցած ծրագիրներով, ղեկավարած հաստատութիւններով եւ մանաւանդ ներկայ երիտասարդ ու հեռանկար պարզող ներուժով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.