Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան զօրակից կազմակերպութիւններ ըլլալու իրողութիւնը յայտնի է հայկական իրականութեան ծանօթ ոեւէ մէկուն:
Այս երկու կազմակերպութիւնները, իրենց առաքելութեան ճամբուն վրայ միշտ ու անսակարկօրէն սատար կանգնած են իրարու գործունէութեան: Փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած միջկազմակերպական յարաբերութիւնները իրենց ամրութեամբ կը ստեղծեն առողջ ու արդիւնաւէտ գործակցութեան միջավայր մը, որ միայն օգտակար կրնայ ըլլալ բոլորին:
Հայ օգնութեան միութեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան առիթով, մենք մեր լաւագոյն բարեմաղթանքներուն կողքին, կ՛ուզենք պարզապէս վերահաստատել մեր զօրակցութիւնը բարեսիրական այս մեծ, այս մեծահոգի կազմակերպութեան, որուն անցեալի վաստակին առջեւ կը խոնարհինք, որուն ներկայ յանձնառութիւններուն սատար կը կանգնինք, որուն ապագայ ծրագիրներուն աջակցելու մեր անվերապահ պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.