ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայերս կը սիրենք որոշ վայրերու հասցէն ներկայացնելու ժամանակ պատկերաւոր խօսք մը ըսել, եւ, մանաւանդ երբ խօսքը ազգային իմաստով կարեւոր կեդրոնի մը կը վերաբերի՝ որոշ ջերմութիւն ալ մտցնելով յայտարարել, թէ այսինչ շրջանի սրտին մէջ է այդ վայրը:
Այս պարագային, երբ մեր խօսքը կը վերաբերի Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին, ապա չենք կրնար չըսել, որ ան կը գտնուի Փոքրիկ Հայաստանի հարեւանութեամբ՝ Հոլիվուտի սրտին մէջ:
Սիրտը մարմնին համար կեանքի կեդրոնն է, ամբողջ մարմնին կենսաւիշով սնուցողը:
Հոլիվուտի Հայ կեդրոնը՝ Երիտասարդական կեդրոնը, յաւակնութիւնը ունի դառնալու շրջանի հայ համայնքին կենսունակութեան աղբիւրը:
Կեդրոնը՝ Հայ կեդրոն անունով, նախապէս գոյութիւն ունէր Լեքսինքթընի եւ Վըրմանթի անկիւնը գրաւելով, երկյարկանի շէնքի մը տեսքով: «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ն է հիմա այդ շէնքին մէջ, իսկ Կեդրոնը գնաց աւելի կեդրոն, գնաց, հանգրուանեց Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ եւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանի կողքը, աւելի մօտիկ ու սրտամօտիկ՝ համայնքին:
Վաղը՝ Կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 1ին, բացման հանդիսութիւնը պիտի կատարուի երիտասարդական այս կեդրոնին: Եկեղեցիի կիրակնօրեայ պատարագէն ետք կրնաք անմիջապէս մօտենալ կեդրոնին ու մասնակցիլ բացման հանդիսութեան, որմէ ետք պիտի կատարուի հիւրասիրութիւն:
Հասցէն չենք գրեր: Ո՞վ չի գիտեր Ալեքսանտրիայի վրայ գտնուող երկու՝ եկեղեցիին ու դպրոցին տեղերը: Ահա ամբողջացաւ այդ պատկերն ալ, դարձաւ աւելի սրտամօտիկ՝ Հայ կեդրոնով:
Հանրութիւնը սիրով հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու Կեդրոնի բացումին: