Տարիներ անցած են, սակայն երէկուան թարմութեամբ կը յիշեմ, երբ դպրոցի մը տուած այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին, աշակերտներէն մին, որուն ականջը բռնուած կը քաշքշուէր միջանցքին մէջ դաժան դէմքով ու բռնատէրի տեսքով իր այր ուսուցիչին կողմէ, աղիողորմ կը բացագանչէր ըսելով.
– Բայց ես ի՞նչ ըրի…:
Առաջին իսկ հայեացքով ունեցայ այն տպաւորութիւնը, թէ ականջը արմատախիլ պիտի ըլլայ գանկին վրայի շրջակայ մորթով միասին, մինչեւ իսկ քունքերուն մօտ բուսած մանկական աղուամազերն ալ հետը առնելով: Այս դէպքը կը պատահէր այն օրերուն, երբ Արեւելեան երկիրներու կրթական գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ տուներէն ներս ծեծը կը նկատուէր դաստիարակութեան լաւագոյն միջոցներէն մէկը: Կար ժամանակ, երբ կենդանին ու մարդը մտրակելու համար գործածուող կաշիներուն կարծրութեան միջեւ տարբերութիւն չկար: Իսկ գաւազանները դպրոցներուն ու գոմերուն մէջ, նոյն ուժգնութեամբ կ՛իջնէին «զոհերուն» վրայ:
Հազիւ ութ տարեկան, չարաճճի շարժումներով այս մանուկին կարեկցութիւն հրաւիրող ձայնը այնքան սրտաճմլիկ չէր, որքան ազդեցիկ էր իր «բացատրութիւն պահանջող» ինքնապաշտպանական հարցումին արդարութի՛ւն փնտռող կանչը:
Մարդիկ միշտ հակամէտ են յանցանքը իրենց անձէն հեռացնելու, անոր պատասխանատուութենէն խուսափելու, ու աւելին՝ զայն ուրիշներու վրայ բարդելու: Շատ կանուխ տարիքէն կը սկսի այս «ճարպիկութիւնը», զոր քաջութիւն կոչելու ու անոր պատիւ տալու փոխարէն, պէտք է միշտ զայն երկչոտութիւն ու տկարութիւն համարել: «Ես չըրի», «ես չտեսայ», «ինծի հետ կապ չունի», «բնա՛ւ գաղափար չունիմ», եւ նման արտայայտութիւններ՝ բոլորն ալ նոյն այդ տկարութեան հոմանիշ եղող, խուսափողական բացատրականներ են, որոնք կատարուած սխալին պատասխանատուութիւնը կարելի եղածին չափ մեզմէ հեռացնելու կը ծառայեն:
Պատերազմի դաշտին վրայ մերկ սուրով իջնելը անպայման անհրաժեշտ չէ՛ «հերոս»ի կոչումին արժանանալու համար: Կան հերոսներ, որոնք կեանքի մէջ կենդանի նահատակութեամբ, աւելի մեծ զոհողութիւն համարուող արարքներ կը կատարեն, ու կ՛արժանանան այդ տիտղոսին ու պատիւին:
Այդ «հերոս»ներուն գլխաւորները՝ տառապողներն են: Տառապանքին համբերելու քաջութիւնը եւս հերոսութեան կ՛առաջնորդէ մարդս: Մարդկային ընկերութեան կեանքը դիտելով՝ կրնանք նշմարել տառապողներու տարբեր դասակարգեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին կրած տառապանքին աստիճանաչափը կը տարբերի միւսէն: Այսպէս՝ ընտանեկան, ընկերային կեանքի դժուարութիւններուն ներքեւ տառապողներ: Այր ու կին, ծնողք-զաւակ, անձեր եւ իրենց հարազատները, ու այսպէս փոխադարձաբար: Կան տակաւին գործի ասպարէզին մէջ տառապողներ՝ գործատէր ու գործաւոր, գործաւորներ իրենք իրարու միջեւ, յաճախորդներ եւ վաճառականներ, գործաւորներ եւ յաճախորդներ, եւ այլն:
Մարդկային ընկերութիւնը ի՛նք ըլլալով խայտաբղէտ իրականութիւն, անպայման նման վիճակներ պիտի ստեղծուին, երբ ոմանք տառապին, իսկ ուրիշներ տառապեցնեն:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ գեղեցիկ բանաձեւում կայ տառապանքին համբերելու: Բնականաբար, այնտեղ երկնաւոր վարդապետը կը նախապատրաստէ իր աշակերտները ու հետեւորդները գալիք չարչարանքներուն, սակայն խօսքը իր լայն ծիրին մէջ երբ առնուի, կարելի է անոր մէջ տեսնել բոլոր ժամանակներու տառապողները, մինչեւ այս վայրկեանը:
Տառապանքին դիմաց իբրեւ յաղթանակի զէնք՝ համբերութիւնը կը դնէ Յիսուս, իսկ համբերութեան պսակումը կը նկատէ Իր կողմէ շնորհուած յաւիտենական կեանքը: «Ան որ մինչեւ վերջ համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի» (Մտ 10.22):
Տառապանքի մէջ եղողներ արդարօրէն հարց կու տան, թէ ե՞րբ է այդ «վեր»ջը: Իսկապէս ալ, երբեմն ինչքա՜ն հեռու կը թուի տառապողին համար, իր տառապանքին վախճանը: Ոմանք յուսահատած՝ կ՛ըսեն. «Արդեօք պիտի տեսնե՞մ վիշտերուս ու ցաւերուս վախճանը», սպասելով, որ Աստուած իրենց հաւատքին համաձայն լուծում տայ առկայ հարցերուն, ու զիրենք ազատէ անելէն:
Տառապողներուն համար ամէնէն անհասկնալին ու դժուար տանելին այն կացութիւնն է, երբ յստակօրէն չգիտնան իրենց կրած տառապանքին պատճառը: Տառապիլ վասն ոչինչի՞: Ամէնէն սոսկալի զգացումն է այս, երբ մարդիկ իրենց ամէն կարողականութիւններով կը փորձեն տառապանք պատճառել, ու դուն չ՛իմանաս թէ ինչո՞ւ համար կը տառապիս:
Դպրոցին մէջ ականջը քաշուող աշակերտին ձայնը յաճախ ականջիս կու գայ նման կացութիւններու դիմաց.
– Բայց ես ի՞նչ ըրի…:
Ուրիշներու ձեռքին տակ տառապողներէն ոմանք, յատկապէս տոկուն նկարագիրով մարդիկ, քաջութիւն կ՛ունենան զիրենք չարչարողներուն հարցնելու, եւ պահանջելու պէս խնդրելու, որ գէթ իրենց յանցանքը յայտնեն իրենց: «Միայն գիտնամ յանցանքս», «Ըսէ՛ թէ ի՞նչ ըրած եմ», «Եթէ՛ բան մը ըրած եմ…», կ՛ըսեն անոնք՝ դիմելով իրենց հակառակորդներուն:
Այնպէս, ինչպէս տառապանքին տեսակները իրարմէ կը տարբերին, նոյնպէս ալ տառապանք կամ նեղութիւն պատճառողներուն դիտումները կը տարբերին իրարմէ: Ոմանք հաճոյքի համար կը նեղացնեն ուրիշները՝ հրճուելով ուրիշին տառապանքով: Ասիկա հիւանդագին վիճակն է, եւ միայն գերզգայուն հալածախտէ վարակուած անձեր կը կիրարկեն զանիկա:
Աւելի թշուառական կարելի է կոչել այն տառապեցնողները, որոնք ուրիշներու ըսածին վրայ հիմնուելով կը դատեն իրենց շրջապատին մէջ գտնուող մարդիկը եւ կեցուածք ճշդելով՝ նեղութիւն կը պատճառեն անոնց: Այսպիսիներ պարկեշտութիւնը չեն ունենար գէթ անգամուան մը համար դէմ յանդիման գալու այն անձին հետ, որուն մասին նպաստաւոր տեղեկութիւններ չեն իմացած, ստուգելու համար, թէ արդեօ՞ք իրենց լսածները ճշմարտութեան կը համապատասխանեն: Թերե՞ւս սուտ խօսքեր ու զրպարտութիւններ են այդ ըսուածները, եւ կամ միակողմանի տեսութիւններ…:
Նման նկարագիրով մարդոց խումբը եւս երկուքի կը բաժնուի: Առաջին խումբին պատկանողները առհասարակ միամիտ ու վախկոտ կ՛ըլլան, ու կը բաւարարուին իրենց լսած տեղեկութիւններով: Այսպիսով, անոնք թշնամիներ կը շատցնեն իրենց շրջապատին մէջ՝ անտեղի կերպով տառապանք պատճառելով անոնց:
Երկրորդ խումբի մարդիկը հոգիով նախանձ ու միտքով խորամանկ մարդիկն են, որոնց հաշւոյն կու գայ ուրախ ու երջանիկ մարդոց կեանքին խորտակումը, մանաւանդ այն պարագային, երբ իրենք չունին անոնց կեանքին ո՛չ երջանկութիւնը: Այսպիսիներ, փոխանակ միջոցներ որոնելու իրենց սեփական «երջանկութեան դղեակ»ը կառուցելու, իրենց ամբողջ ժամանակը կը տրամադրեն ուրիշներու կեանքին շուրջ տառապանքի սարդոստայններ հիւսելու մաշեցուցիչ «ասեղծնագործութեան»:
Արդար է ուրեմն այն ճիչը, որ տառապողներ երբեմն անգիտակից կերպով կ՛արտաբերեն, անորոշին դառնալով ու ըսելով.
– Բայց ես ի՞նչ ըրի…:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.