ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին խորհրդատուական «Capital Gateway» ծրագրին գործունէութիւնը ընդարձակելու նպատակով, վերջերս կազմուած յատուկ յանձնախումբը արդէն իսկ յատկանշական քայլերու դիմած է, պետական եւ հանրային քաղաքականութեան մարզերուն մէջ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծելով հայ քաղաքացիներու համար:
Ծրագրի շրջանաւարտներէն Մայք Կետեճեան, Տէն Ստեփանեան-Պենեթ, Ելենա Ալահվերտով ու Արփի Վարդան, մօտէն գործակցելով ծրագրի վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեանին հետ, կրցած են ծրագրին մասնակիցները զուգորդել զիրենք հետաքրքրող մարզերուն մէջ արհեստավարժ անձերու հետ, դասախօսութիւններ կազմակերած են աշխատանք գտնելու ձիրքերը բարելաւելու եւ դիմումնագիրներուն որակը բարձրացնելու նպատակով:
Արդէն իսկ եօթներորդ տարին ըլլալով, ծրագիրը կը շարունակէ գործի կարելիութիւններ ապահովել քոնկրեսականներու գրասենեակներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու մամուլի յայտնի հիմնարկներու մէջ:
Այս տարուան ծրագրին կը մասնակցին համալսարանէն նոր շրջանաւրտ եղած վեց հայորդիներ՝ Աւագ Քահրամանեան ու Նարեկ Սաղրեան (Միշիկընէն), Ալեքս Տէր Ալեքսանեան եւ Վանա Գույումճի (Քալիֆորնիայէն), Արէն Ղազարեան եւ Չելսի Պիզել (Մոնթանայէն):
«Capital Gateway» ծրագիրը հիմնուած էր շնորհիւ «Քաֆէսճեան» հիմնադրամի նուէրին, իսկ ծրագրին գլխաւոր հովանաւորողն է Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի ընտանիքը: 23ամեայ Հովիկը 2004ին արկածի մը զոհ գացած էր Ֆրեզնոյի մէջ եւ անոր ծնողքը որոշած էր անոր յիշատակին հիմնադրամ մը ստեղծելով՝ նեցուկ կանգնիլ այս ծրագրին: Ծրագրին յատկանշական նուիրատուութիւններ կատարած են նաեւ Ֆրենք եւ Պարպարա Հեքիմեան ու Միլֆըրտի Ամերիկահայ վեթերաններու կեդրոնը:
Ծրագրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (202) 775-1918 թիւին կամ raffi@anca.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.