ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի «Չարլի Քէյեան» համագաղութային վարժարանի կազմակերպած Բարեկամներու եւ հիմնադիրներու օրը իրարու քով բերաւ վարժարանի աւելի քան 80 բարեկամներ, որոնք «Յովհաննէսեան» սրահին մէջ հաւաքուեցան պատուելու համար հիմնադիրներուն, տնօրէններուն, նուիրատուներուն եւ հիմնադիր Հոգաբաձրութեան ծառայութիւնը:
1977ին հիմնուած վարժարանին նուիրուած սոյն հաւաքի հանդիսավարն էր Հրայր Մսըրլեան, որ ներկայացուց վարժարանին հակիրճ պատմականը եւ խօսեցաւ նաեւ Չարլի Քէյեանի մասին: «Հոս է, որ համայնքը կը հիմնուի ու ապագայ սերունդները ի մի կը բերուին: Հոս է համայնքին արմատը», ըսաւ ան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ ներկայ Հոգաբարձութեան ատենապետ Արա Քարքազեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, Հոգաբարձութեան միւս անդամներուն, ներկայ եւ նախկին հովանաւորներուն եւ յատկապէս նախորդ Հոգաբարձութեան ատենապետ Ճերի Քութումեանի, որ գլխաւորած էր Քլովիսի մէջ վարժարանի նոր համալիրին կառուցման աշխատանքը:
Իր կարգին, տնօրէնուհի Սոֆի Մխիթարեան դրուատեց հիմնադիրներուն տեսիլքը, որ առիթ ընծայած է տարբեր սերունդներուն վայելելու այս դպրոցը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հետեւեալներուն՝ Վարդգէս եւ Սրբուհի Մսըրլեաններու ընտանիքին, Ճան Թոմասեանի, Ռիչըրտ Տարմանեանի ընտանիքին, Էնն Գէորգեանի ընտանիքին, հանգուցեալ պատուելի Հերի Մսըրլեանի, Մհեր Շխրտմեանին եւ ընտանիքին, Էտ Մկրտիչեանի եւ ընտանիքին, Սարգիս եւ Հայկ Սահաճեաներու ընտանիքներուն եւ անոնց մօր՝ Մաքրուհի (Մերի) Սահաճեանի, Գասպար եւ Սիրուն Յովհաննէսեաններու ընտանիքին, ինչպէս նաեւ վարժարանի ուսուցիչներուն եւ կամաւոր աշխատողներուն:
Ապա, Ռաֆֆի Սանթիկեան եւ Շանթ Եմէնճեան խօսեցան վարժարանի ապագայ ծրագիրներուն մասին, որմէ ետք հիմնադիր սերունդէն ներկայացուցիչներ իրենց յուշերը բաժնեցին ներկաներուն հետ:
Ելոյթներ ունեցան Էտ Մկրտիչեան, հանգուցեալ տէր հայր Գուրգէն Եարալեանի կողակից՝ երէցկին Անուշ Եարալեան, նաեւ Պրայըն Պետրոսեան, Մհեր Շխրտմեան, Ճան Թոմասեան եւ Սրբուհի Մսըրլեան:
Ճաշկերոյթի աւարտին, տնօրէնուհի Մխիթարեանի գլխաւորութեամբ, մասնակիցները այցելեցին վարժարանին զանազան բաժինները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.