ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Շաբաթ, Մայիս 1ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 50 անդամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի ամսական ճաշկերոյթը, որուն հովանաւորներն էին Ղազար եւ Փերուզ Մահրուգեանները, ի յիշատակ իրենց ծնողաց Ճոզեֆ եւ Նոյեմզար Մահրուգեաններու, ինչպէս նաեւ Սեդրակ եւ Մաքրուհի Տաղլեաններու եւ Յակոբ Խրիմեանի:
Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներուն կատարումէն ետք, ատենապետ Սուրէն Գահվէճեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցելու վարչական Արուսեակ Նալպանտեանի յիշատակին, որ Ապրիլ 29ին կնքած էր իր մահկանացուն, յետ կարճատեւ հիւանդութեան՝ նոսրացնելով վարչութեան շարքերը. լոյս հոգիիդ, ընկերուհի՛:
Խմբային Տէրունական աղօթքէն ու ճաշօրհնէքէն ետք, ատենապետը մխիթարեանական խօսքեր ուղղեց Մահրուգեաններուն, իսկ ճաշի մատուցումէն ետք հրաւիրեց Խաչիկ Թանգեանը, որ հայրն է Հայ Դատի պաշտպան հանրայայտ երգիչ Սերժ Թանգեանին:
Ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն՝ բախտաւորելով 5 անձեր, որմէ ետք ասմունքեցին ատենադպրուհի Մարի Գարալեան, Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Լա Քրեսենթայի մասնաճիւղի վարչական Թելմա Տէր Մարտիրոսեան, միութեանս անդամ Պետրոս Քէշիշան եւ Օվսաննա Մահսէրէճեան: Հաւաքոյթը շարունակուեցաւ Խաչիկ Թանգեանի գեղեցիկ երգերով. ջութակով անոր ընկերակցեցաւ Սուրէն Գահվէճեան, իսկ դմբուկով՝ Վազգէն Սեփէթճեան: Ատենապետը եւս իր թաւ ձայնով հինգ ազգային երգեր կատարեց:
Մինչեւ ժամը 3:45 տեւած ճաշկերոյթէն ետք, հիւրերը մեկնեցան գոհ եւ զուարթ տրամադրութեամբ: