ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ՙԱզատ Արցախ՚.- 2010 Յունուար 26ին, Ղարաբաղի կառավարութեան որոշումով հաստատուած է պետական ժողովրդագրական քաղաքականութեան հայեցակարգը, որով պէտք է առաջնորդուիլª հանրապետական եւ տարածքային կառավարման մարմինները ու ժողովրդագրական խնդիրներ (ծննդաբերութիւն, առողջութիւն եւ այլն) լուծելու ընթացքին£
ԼՂՀ հասարակական ապահովութեան նախարարութեան ընտանիքի եւ երեխաներու հիմնահարցերու վարչութեան պետ Սամուէլ Դադայեանի համաձայն, երիտասարդ ընտանիքներուն պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով, 2008ի Յունուար 1էն սկսեալ նորաստեղծ ընտանիքներուն կը յատկացուի 300 հազար դրամի չափով ամուսնութեան նպաստ£ Շնորհիւ ամուսնութիւններու խրախուսման, 2010ի Մայիս 1ի դրութեամբ, Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած է 207 ամուսնութիւն£ 103 միլիոն 500 հազար դրամի չափով ամուսնութեան նպաստ տրամադրուած է 345 ընտանիքի£
2009ի Օգոստոսէն ի վեր, ամուսնութեան նպաստէն օգտուելու հնարաւորութիւն կը տրուի նաեւ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակին մէջ ծառայութեան անցած Ղարաբաղի քաղաքացիութիւն չունեցող այն անձերուն, որոնք ամուսնացած են ԼՂՀ քաղաքացիներու հետ:
Նաեւ, ծնունդներու խրախուսման նոր համակարգին շնորհիւ, Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած է 844 ծնունդ, եւ ծննդեան միանուագ նպաստ տրամադրուած է 927 երեխայի:
Նշենք, որ 2010 Յունուար 1էն սկսեալ, երկրորդ երեխայի ծննդեան առիթով տրամադրուած 100 հազար դրամին փոխարէն սահմանուած է 200 հազար դրամի նպաստ£ Ընդհանուր առմամբ, նպաստներու յատկացման նպատակով ծախսուած է 277 միլիոն 200 հազար դրամ:
Ընտանիքի մը երրորդ եւ յաջորդ երեխաներուն համար, Մայիս 1ի դրութեամբ բացուած են 339 ժամկէտային աւանդներª 196 միլիոն 900 հազար դրամի չափով£
Նշենք, որ նպաստի վճարումները կ՛իրականացուին ՙԱրցախբանկ՚ ընկերութեան մասնաճիւղերուն միջոցով: