ԵՐԵՒԱՆ, ՙԱրմէնիաՆաու՚.- Մայիս 7էն 16 Ուելսի (Միացեալ Թագաւորութիւն) Սուոնսի Պէյ քաղաքին մէջ իրականացող փառատօնին ընթացքին, ՙԱրարատից Սիոն՚ շարժապատկերը արժանացած է ՙԵւրոպական լաւագոյն վաւերագրական շարժապատկեր՚ մրցանակին: Նշենք, որ քրիստոնէական ուխտագնացութիւնը ներկայացնող ՙԱրարատից Սիոն՚ շարժապատկերին երեւանեան առաջին ցուցադրութիւնը կայացած էր Մայիս 9ին£
Փառատօնին շարժապատկերը ներկայացուած էր Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Սպանիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան, Դանիայի, Նորվեկիոյ, Լեհաստանի, Իսրայէլի եւ շարք մը այլ երկիրներու արտադրած վաւերագրական շարժապատկերներու շարքին: Անիկա Մայիս 19ին պիտի ցուցադրուի Լոնտոնի մէջ: