ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իրանի հիւլէական տագնապը լուծելու նպատակով միջնորդական զուգահեռ ջանքերը, որոնցմէ մէկը կը գլխաւորէ Արեւմուտքը, իսկ միւսը՝ Պրազիլ-Թուրքիա նորաստեղծ «դաշինքը», արդէն իսկ երկու առաքելութեանց միջեւ տարակարծութեանց առջեւ դուռ բացած է, եւ իբրեւ հետեւանք, միջ-միջնորդական առաքելութեան մը կարիքը կրնայ զգացուիլ…
Արդարեւ, Ուաշինկթըն Երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Պրազիլի միջեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացուած համաձայնութենէն ետք իսկ Թեհրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու իր ջանքերը պիտի չդանդաղեցնէ, որովհետեւ կը շարունակէ «լուրջ մտավախութիւններ» ունենալ Իրանի քայլերուն նկատմամբ, սակայն «դրական քայլ» որակեց հարստացուած իւրանիոմը Իրանէն հեռացնել միտող սկզբունքային համաձայնութիւնը:
Ռուսիա եւս կասկածով մօտեցաւ համաձայնութեան, մինչ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը քաջալերուած է առաջարկներէն եւ բանակցութիւնները կը նախընտրէ։ Իսրայէլ եւս մտավախութիւն յայտնեց, որ Իրանի հետ գոյացած համաձայնութիւնը ուշացնէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ նոր պատժամիջոցներու հաստատումը։
Այս կասկածներուն իբրեւ արդիւնք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ արդէն իսկ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու նոր ծրարի մը շուրջ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է եւ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ: Այս յայտարարութիւնը հարուած մըն էր Թուրքիոյ եւ Պրազիլի գլխաւորած միջնորդական ջանքերուն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Երկուշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էր, որ իր երկիրը պիտի փորձէ իր լրումին հասցնել ստորագրուած սկզբունքային համաձայնութեամբ սկսած գործընթացը, պնդելով, որ հիւլէական ճարտարագիտութեան տիրանալը բոլոր երկիրներու իրաւունքն է, առանց բացառութեան։
Տաւութօղլու, իր խօսքը արեւմտեան պետութեանց ուղղելով՝ յայտնած էր. «Եթէ իրանեան հիւլէական ծրագիրէն վախնալու շօշափելի պատճառ չունիք, մի՛ խօսիք: Չենք կրնար պետութիւն մը դատել՝ հիմնուելով անոր պատմութեան վրայ: Եթէ շարունակէք հիւլէական թղթածրարին առջեւ արգելքներ դնել, լուծումներու պիտի չհասնինք»։ Ան նոյն ատեն Թեհրանի իշխանութեանց կոչ ըրած էր «գրգռի»չ քաղաքականութիւն չկիրարկել։ Տաւութօղլու նաեւ ազդարարած էր, թէ Թուրքիա Թեհրանի հետ ստորագրուած համաձայնութենէն պիտի քաշուի, եթէ Արեւմուտքը անոր դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատէ։