ԷՆ ԱՐՊԸՐ, Միշիկըն.- Միշիկըն համալսարանի Հայագիտական ծրագիրը կը տեղեկացնէ, թէ «Մանուկեան Սիմոն» հիմնադրամէն եւ «Ալեքս ու Մարի Մանուկեան» հիմնադրամէն ստացած է 400,000 տոլար նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ մինչեւ 2012 կրթական տարեշրջանի աւարտը կարելի պիտի ըլլայ շարունակել դոկտորայի արժանացած կամ նախադոկտորական հայագէտներու, ինչպէս նաեւ համալսարանի հայագիտական ծրագրին համար այցելու դասախօսներ ապահովելու ծրագիրները:
Նաեւ, այս նուիրատուութեամբ կարելի պիտի ըլլայ գիտաժողովներ կազմակերպել:
Յիշեցնենք, թէ համալսարանի հայագիտական ծրագիրը հիմնուած էր Մանուկեան ընտանիքի նուիրատուութեամբ:
Միշիկըն համալսարանի Հայագիտական ծրագրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ii.umich.edu/asp համացանցային կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.