ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հայկական երաժշտութեան ձայնը, թմբուկներու կշռոյթը եւ խորովածի բուրմունքը տիրապետող պիտի ըլլան Շաբաթ, Մայիս 22ին, Մոնթեպելլոյի մէջ կայանալիք հայկական տարեկան երրորդ փառատօնին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:
Ներկաները պիտի վայելեն Ճան Պիլէզիքճեանի նուագախումբը, Հօշարեան եղբայրներու նուագախումբը, ինչպէս նաեւ երեխաներու երգերու մեկնաբան Մակին:
Ելոյթ պիտի ունենան նաեւ «Ալեքս» պարի վարժարանի աշակերտները եւ այլ պարախումբեր: Պիտի ըլլայ նաեւ հայկական պարի դասընթացք եւ հայկական ճաշերու պատրաստութեան ցուցադրութիւն:
Տեղի պիտի ունենան նարտիի եւ «Պինկօ»ի մրցաշարք, իսկ երեխաները հաճելի պահեր պիտի անցնեն իրենց համար պատրաստուած խաղավայրին մէջ: Պիտի ըլլան նաեւ հայկական մշակոյթի նուիրուած ներկայացումներ՝ գործակցութեամբ Արարատ տան: Պիտի ցուցադրուին նաեւ Մոնթեպելլոյի համայնքի պատմութենէն լուսանկարներ:
Նաեւ, փրոֆ. Քերըլ Քիրլի ժամը 1:30էն 4:30 ներկայ պիտի ըլլայ մակագրելու իր բանաստեղծութեան հատորը՝ «The Armenian Watchmaker»ը եւ 15 վայրկեանոց ընթերցումներ պիտի կատարէ ժամը 2:30ին եւ 3:30ին:
Մուտքի սակը 2 տոլար է չափահասներուն համար, իսկ 12 տարեկանէն վար փոքր երեխաներուն մուտքը ձրի է: Մուտքի տոմսը միաժամանակ վիճակահանութեան տոմս է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել համացանցային www.armenianfoodfair.com կայքը կամ հեռաձայնել (323) 893-9053 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.